ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄՏԱՀՈԳ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԲՌՆԿԵԼԻՔ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՈՎ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կրնայ առաջարկ մը ներկայացնել եւ Սուրիան իր դիմագրաւած կացութենէն փրկել:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ Լիբանան զանց պիտի չառնուի բոլոր այն միջադէպերէն, որոնք շրջանին մէջ կը բռնկին` այս կամ այն պետութեան շահերը ապահովելու համար:
Խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ, որ եթէ Սուրիոյ կացութիւնը աւելի եւս վատթարանայ, ապա ինք մտահոգ է Լիբանանի մէջ բռնկելիք քաղաքացիական հաւանական պատերազմով:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Միխայէլ Տահերը, որ շեշտեց, թէ Արաբական լիկային որոշումը վտանգաւոր նախընթաց ստեղծած է` աւելցնելով, որ իր այդ որոշումով Արաբական լիկան իր ուխտին դէմ օրինազանցութիւն գործած է:
Տահեր ընդգծեց, որ Լիբանան պէտք չէ Արաբական լիկային անդամ մնայ, եթէ ան իր որոշումները համախոհութեամբ չտայ:
Անդրադառնալով նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշի եւ Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըրի միջեւ բանավէճի բախումի վերածուելուն մասին հարցումի մը` Տահեր յայտնեց, որ ինք չի փափաքիր կարծիք տալ` ըսելով, թէ ո՛վ է սխալը եւ ո՛վ է ճիշդը: «Սակայն երբ օտար պետութեան մը նախագահին հասցէին նման վարկաբեկիչ արտայայտութիւն կ՛արձանագրուի, ապա լիբանանեան օրէնքին համաձայն, եթէ այդ արտայայտութիւնը գրաւոր լոյս տեսած է, զայն գրողը վեց ամիսէն երկու տարուան բանտարկութեան կ՛ենթարկուի, իսկ եթէ այդ մէկը պատկերասփիւռի կայաններէն արտասանուած է, ապա օրէնքին համաձայն, ան կրնայ մէկէն երեք տարի բանտարկուիլ: Հետեւաբար, ընդհանուր դատախազութիւնը կամ վերադատ ատեանի դատախազութիւնը պէտք է շարժին եւ հարցաքննութեան կանչեն օտար պետութեան մը նախագահը վարկաբեկող անհատը», ըսաւ Տահեր:


