ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱՀՀԱՍԻ ՀԵՏ ԵՒ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՈՒՏԵՍՏԵՂԷՆԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼՈՒ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան հարցերու նախարար Նիքոլա Նահհասի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու նախարարութիւններուն վերաբերող միացեալ ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն ճարտարարուեստի մարզին բարգաւաճման:
Հանդիպումին ընթացքին կարելի եղաւ յանգիլ համակարգուած կեցուածքներու, ինչպէս նաեւ կազմուեցաւ միացեալ յանձնախումբ մը` յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար:
Քննարկուած թղթածրարներէն էին լիբանանեան արտածուող արտադրութիւններուն վրայ պարտադրուած տուրքերու նուազեցումը, արտածումի յատուկ ընկերութիւններու հիմնումը, ճարտարարուեստի մարզի յատուկ սարքերու պարագային մաքսատան պարտադրած տուրքերու նուազեցումը, ճարտարարուեստի մարզի յատուկ շրջաններու կառուցումը, ինչպէս նաեւ այդ մարզին բարգաւաճումը ապահովող ուսումնասիրութիւններու պատրաստութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստը աճ արձանագրելու համար կարիքը ունի առեւտուրին, ինչպէս որ առեւտուրը իր կարգին բարգաւաճելու համար կարիքը ունի արտադրութիւններու:
Նահհաս իր կարգին աւելցուց, որ այս հանդիպումին նպատակն է պետական հաստատութիւններուն բարգաւաճումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ անոնց աշխատանքներուն բարեկարգումը:
Միւս կողմէ, նախարար Սապունճեան ներկայ գտնուեցաւ ուտեստեղէնի արտադրութեանց վերաբերող համագումարին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ սահմանափակել ուտեստեղէնի արտադրութեան դիմագրաւած հարցերը` պահպանելով հանրութեան առողջապահութիւնը:
Նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ պէտք է անպայման հիմնել չափանիշներու կեդրոն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ արտադրութիւններուն ապահովել այնպիսի որակ, որ կ՛ամբողջացնէ միջազգային չափանիշները:
Նշենք, որ նախարար Սապունճեան` ընկերակցութեամբ Ճարտարարուեստի մարզի միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի եւ միութեան մէկ պատուիրակութեան, այցելեց վարչապետարան, ուր ընդարձակ պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Աֆրամ յայտնեց, որ Ճարտարարուեստի մարզի միութեան մտահոգութիւնն է երիտասարդներուն աշխատանք ապահովել եւ երկրին մէջ ճարտարարուեստի գործարանները բաց պահել: