ՄԻՔԱԹԻ ՇԵՇՏԵՑ, ԹԷ ԻՆՔ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐԸ

Փաթրիս Փաուլի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժուփէի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Փաթրիս Փաուլին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի ընդգծեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ:

Փաուլի ընդգծեց, որ իր այցելութեան նպատակն է շեշտել Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ մտերմութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկել Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը:

Փաուլի շեշտեց Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի մնայուն զօրակցութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ որոշ յառաջդիմութիւն մը արձանագրած է. ան շեշտեց, որ Սուրիա երբեք միջամուխ չ՛ըլլար այդ աշխատանքին` հաստատելով միաժամանակ, որ ինք երբեք յուսախաբ չէ եղած:

Միքաթի հաստատեց, որ իր եւ մեծամասնութեան միջեւ հասարակ յայտարարներ կան` շեշտելով նաեւ, որ ինք պիտի կազմէ այնպիսի կառավարութիւն մը, որ գոհ կը պահէ բոլորը եւ ատակ անձնաւորութիւնը կը նշանակէ իր ճիշդ տեղը:

Միքաթի յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կազմելու կառավարութիւնը:

Նոյն ծիրին մէջ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ոչ մէկ դեսպան ճնշում կը բանեցնէ իր վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES