ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻՆ

Զօր. Աունը` ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Պօղոսեան, այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին:

Մեկնումի պահուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը լաւ նկատեց իր ունեցած հանդիպումը` շեշտելով, որ զօր. Աունի հետ այլ հանդիպումներ եւս տեղի պիտի ունենան մօտիկ ապագային:

Share this Article
CATEGORIES