«ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹՆԵՐ»ՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ ՄԱԿԱԳՐԵՑ ԻՐ ՀԵՂԻՆԱԿԱԾ ԳԻՐՔԵՐԸ
«Հայ գրականութեան շաբաթներ»ու ծիրին մէջ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Համազգայինի գրախանութին մէջ Յակոբ Պալեան մակագրեց իր հեղինակած «Գրական արձագանգներ» եւ «Անուններու կեանքի շերտը» գիրքերը:
Այս առիթով «Ազդակ» օրաթերթին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Յակոբ Պալեան գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ հանրութիւնը, գրասէր մարդիկ պէտք է եւ ծանօթանան գրողին եւ գիրքին: «Գիրքը երեւոյթ մըն է եւ նորութիւն չէ», ըսաւ ան: Արժանթինցի հռչակաւոր գրող մը ըսած է, թէ գիրքը կու գայ հինէն` աւելցնելով, որ անիկա նոյնիսկ վտանգներէ անցած է եւ տակաւին կը գոյատեւէ` օրինակ բերելով երկրաշարժի ընթացքին այրած գիրքերը եւ այսօր անոնց վերահրատարակումը` այրած թուղթերուն վրայէն անոնց վերակազմումով: Ճիշդ է, այսօր մենք համակարգիչի վրայ կրնանք կարդալ գիրքը, բայց մէկ կոճակով այդ գիրքը կը կորսուի:
Յակոբ Պալեան շեշտեց, որ գիրքը բռնելու հաճոյքը պէտք է ապրիլ, թուղթերը շօշափելով այդ հաճոյքը զգալ: «Դժբախտաբար այսօր մեր մօտ այդ սովորութիւնը նուազած է եւ պէտք է վերադարձնել զայն», ըսաւ ան` փնտռել փորձելով այս կացութեան պատասխանատուները: Պալեանի կարծիքով, հիմնականին մէջ տան մէջ է, որ երեխաները պիտի վարժուին ընթերցանութեան: Անոնք իրենց տուներուն մէջ, իրենց ծնողներուն ձեռքին մէջ գիրք չեն տեսներ, եւ ամէնէն կարեւորը այս է եւ ոչ դասախօսութիւնները ընթերցանութեան մասին: Մանուկը պիտի տեսնէ եւ կապկէ իր ծնողները, հետեւաբար մեր ծնողները այսպէս պէտք է ընեն, գիրքը պէտք է մեր տուներուն մէջ մտնէ, բայց դժբախտաբար մենք այսօր ունինք հատուած մը, որ կը նախընտրէ օտար գրադարաններ երթալ` փոխանակ հայկական գրախանութ այցելելու: Յ. Պալեան անդրադարձաւ այլ կէտի մը եւս` ըսելով, որ կայ այն համոզումը, որ հայերէն գիրքը նուէր տալու համար եղած է` աւելցնելով, որ այս մտայնութենէն պէտք է դուրս գալ:
«Եթէ հայութեան թիւը 10 միլիոն է, եթէ ենթադրենք, որ ամէն մէկ հայ տարին երկու գիրք գնէ, միջին հաշուով ասիկա կ՛ընէ միայն 20 միլիոն գիրք, ուրեմն հայ գրողը այդ ժամանակ կրնայ իր գրիչով ապրիլ եւ երբ հայ գրողը միայն իր գրիչով ապրի, ապա իր արտադրած գրականութիւնը աւելի պայծառ գրականութիւն կ՛ըլլայ», յայտնեց Յակոբ Պալեան` շեշտելով, որ հայ գիրքը պէտք է վերադարձնել հայու տունը: Ան ըսաւ, որ օտար գրականութիւն ալ պէտք է կարդալ, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ հայ գրականութիւնը մեր ժառանգութիւնն է, որովհետեւ մենք դարեր դիմացած ենք առանց գրականութեան, բայց գիրքը պահած ենք, մեր մեծ մայրերը իրենց բարձերուն տակ «Նարեկ» կը պահէին` առանց գրաբառ հասկնալու, որովհետեւ անոնք գիրերու պաշտամունքը ունէին, եւ մեր ծնողները այդ պաշտամունքը կորսնցուցած են այսօր:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսօր ի՛նչ փոխուած է, Յակոբ Պալեան «Ազդակ»ին ըսաւ, թէ արդիական ըլլալու համար պէտք է օտար գրականութիւն կարդալ: Այնպէս կը կարծուի, որ օտարին վրայ կը հիանանք, եւ ժամանակ չենք տրամադրեր մեր գրականութեան: Եւ այս վիճակը կը կոչուի օտարում` մենք մեզի համար կը դառնանք օտար: Շարունակելով իր դիտարկումները Պալեան նաեւ ըսաւ, թէ մեր գրականութիւնը մեր հարստութիւնն է, մեր ժառանգութիւնը եւ այդ ժառանգութեամբ է, որ մեր ինքնութիւնը պահած ենք: Սակայն մեր ինքնութիւնը այսօր տագնապի մէջ է, մենք խորթացած ենք մեր գրականութենէն, եւ եթէ ճիգ թափենք, մօտենանք մեր հարստութեան եւ ստեղծագործական աշխարհին, ապա մեր ինքնութիւնը կը վերակենդանանայ եւ մենք թերեւս նուազ կը հիանանք օտարին վրայ: Յ. Պալեան այս իմաստով կոչ ուղղեց մամուլին այս երեւոյթը շեշտելու եւ գիտակցութիւն արթնցնելու ժողովուրդին մօտ, որովհետեւ եւ երբ այս գիտակցութիւնը ըլլայ, ժողովուրդին որակը կը բարձրանայ եւ որակը ազգի մը համար շատ կարեւոր է, եթէ ան կ՛ուզէ գոյատեւել:
«Առանց լեզուի գրականութիւն չկայ, առանց լեզուի ժողովուրդ չկայ, ժողովուրդ մը, որ կը կորսնցնէ իր լեզուն, կը վերածուի դիակի… լեզուն կը ժառանգես, կը ժառանգես արժէքներ: Եթէ այսօր նայինք մեր արմատ բառերուն, հոն կը տեսնենք մեր պատմութիւնը, ժողովուրդի մը պատմութիւնը»:
Եզրափակելով իր խօսքը` Յ. Պալեան յայտնեց, որ այս ձեւով է, որ կը վերականգնի ժողովուրդ մը եւ կ՛արժեւորուի` վերջին օրինակ մը բերելով «Նարեկ»ը, որ գրաբարով է, եւ երբ մենք կը կարդանք զայն, նոյնիսկ եթէ չենք հասկնար, բայց մեզի կը փոխանցուի խորհուրդ մը եւ այդ խորհուրդը մեր ինքնութիւնն է: Հայ ժողովուրդը պէտք է յանդգնութիւնը ունենայ վերականգնելու այս արժէքները:
Վերջապէս, Յակոբ Պալեան իր խօսքը աւարտեց կոչ ուղղելով այցելելու գրախանութ: «Եթէ նոյնիսկ պիտի չգնեն գիրքը, թող դիտեն եւ տեսնեն, թէ ի՛նչ հարստութիւն կայ այդտեղ», ընդգծեց ան: