ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ «ԱԼԻՔ»Ի 80-ԱՄԵԱԿԸ

Թեհրանի մէջ հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթը այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: Ընդառաջելով այս առիթով Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ «Ալիք»ի տնօրէնութեան խնդրանքին, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կոնդակով իր գնահատանքը յայտնեց «Ալիք»ի կատարած առաքելութեան` Իրանի հայութեան կեանքին մէջ:

Անդրադառնալով «Ալիք»ի բերած կարեւոր նպաստին` վեհափառը իր կոնդակին մէջ կը գրէ. «Արդարեւ, սովորական հասկացողութեամբ օրաթերթ մը չեղաւ «Ալիք»ը, եւ հետեւաբար, ընթացիկ գործունէութիւն չունեցաւ ան անցնող տարիներուն ընթացքին: «Ալիք»ը դարձաւ մեծ ընտանիք` իր յարակից կառոյցներով ու մարմիններով: «Ալիք»ը դարձաւ առաքելութիւն իր մամուլով, հրատարակութիւններով եւ ազգային լայնածաւալ ծառայութեամբ: Եւ հետեւաբար, ան առանցքային ներկայութիւն դարձաւ ո՛չ միայն Թեհրանի, այլ նաեւ ամբողջ Իրանի հայութեան կեանքին մէջ: «Ալիք»ը եղաւ զօդիչ ամուր կապը Իրանի զանազան շրջաններուն մէջ հաստատուած հայ գաղութներուն միջեւ: Ան եղաւ Իրանի հայութեան կեանքի ազգային, եկեղեցական, կրթական, մշակութային, ընկերային, մարզական ու բարեսիրական երեսներու հարազատ հայելին: Վերջապէս, «Ալիք»ը դարձաւ համահայկական իրագործումներուն, տագնապներուն ու ձգտումներուն թարգմանը Իրանի հայութեան կեանքին մէջ»:

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տասնամեակներուն իրանահայութեան կեանքը յատկանշուեցաւ լուրջ մարտահրաւէրներով, որոնց յաղթահարման մէջ մեծ եղաւ մեր ազգային հաստատութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ «Ալիք»ին դերը: Վեհափառին վկայութեամբ` «հակառակ Իրանի մէջ տեղի ունեցած վերիվայրումներուն, ինչպէս նաեւ իր դիմագրաւած բազմաթիւ ու բազմազան դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, «Ալիք»ը մնաց կանգուն ու տոկուն` հաւատարմօրէն կառչած իր ազգային կոչումին ու մշակութային առաքելութեան: Արդարեւ, Իրանի հայութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ մեծ եղաւ դերը «Ալիք»ին: Փաստօրէն, կարելի չէ հասկնալ Իրանի հայութեան կեանքը վերջին ութսուն տարիներուն, առանց «Ալիք»ին»:

Ապա վեհափառը կոչ կ՛ուղղէ «Ալիք»ին` վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով շարունակելու իր ազգային առաքելութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES