ԱՅՍՕՐ ԷՇԹԸՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ

Քեթրին Էշթըն

Այսօր երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն:

Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի ընդունի Ք. Էշթընը:

Ք. Էշթըն հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES