ՏԱՐՕՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Տարօն Մարգարեան` իր ընտրութենէն ետք

Երեւանի Աւագանիի երէկուան արտակարգ նիստին` փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Երեւանի քաղաքապետ ընտրուեցաւ Տարօն Մարգարեան: Ան ստացաւ 49 քուէ, դէմ եւ ձեռնպահ ձայներ չկային:

Ընտրուելէն ետք Տարօն Մարգարեան լրագրողներուն վստահեցուց, որ իբրեւ քաղաքապետ իր առաջին որոշումը պիտի բխի երեւանցիի շահերէն: Մարդուժի քաղաքականութիւնը ինքնանպատակ չէ: Ըստ անոր, պէտք է ոգեւորել աշխատողը` աւելի լաւ արդիւնք ստանալու համար:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Հանրապետական կուսակցութիւնը Տարօն Մարգարեանի թեկնածութիւնը չառաջադրեց Գագիկ Բեգլարեանի հրաժարականէն ետք, այլ որոշեց առաջադրել Կարէն Կարապետեանի անունը, քաղաքապետը յայտնեց, որ իր ընտրութիւնը պայմանաւորուած է Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդին մէջ առաջադրուած իր թեկնածութեամբ եւ իբրեւ կուսակցութեան անդամ ինքը որոշումները կատարած է:

Վերջերս մեծ աղմուկ բարձրացուցած Հրազդան մարզադաշտի կարգավիճակին մասին հարցումին անդրադառնալով` Տարօն Մարգարեան նշեց, որ տակաւին կանուխ է այդ մասին խօսելու: Քաղաքաշինական խորհուրդը տակաւին պէտք է հարցը քննարկէ, ինչպէս նաեւ հասարակական լսումներ պէտք է տեղի ունենան, որմէ ետք ալ որոշում պիտի տրուի:

Նշենք, որ Տարօն Մարգարեան միակ թեկնածուն էր քաղաքապետի ընտրութեան, որեւէ թեկնածութիւն չառաջադրեց նաեւ աւագանիի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութիւնը, որուն ղեկավար Գուրգէն Գասպարեան պարզապէս տեղեկացուց, որ խմբակցութիւնը կը պաշտպանէ Տարօն Մարգարեանի թեկնածութիւնը, քանի որ վերջինս մեծ ներդրում ունեցած է տեղական ինքնակառավարման համակարգի զարգացման գործին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES