2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԼԻԲԱՆԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՍ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱՅԻ
Երէկ, ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ այլ պետական անձնաւորութիւններու, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Մարզական աւանին մէջ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին ֆութպոլի դաս մը տուաւ իր հիւրին` Հարաւային Քորէայի, երբ 2-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիբանան իր յոյսերը պահեց Դ. եւ վերջին հանգրուան հասնելու գծով:
Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին:
CATEGORIES Մարզական

