2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՍԻՈՅ ԳՕՏԻ. ԼԻԲԱՆԱՆ – ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱ` 2-1
Երէկ, Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան Մարզական աւանին մէջ հիւրընկալեց Հարաւային Քորէան:
Երթին նոյն այս իր մրցակիցէն 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած Լիբանան ոչ միայն մարզական վրէժ մը ունէր լուծելիք, այլ նաեւ ամէն գնով պէտք ունէր յաղթանակի, այլապէս յաջորդ հանգրուան (Դ.) հասնելու անոր յոյսերը բաւական կը դժուարանային:
Լիբանանի ազգային խումբը, իր հազարաւոր համակիրներուն ներկայութեան, յաջողեցաւ այդ իրագործումը կատարել եւ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ ֆութպոլի դաս մը տալ կազմի մը, որ եւրոպական բազմաթիւ զօրաւոր խումբերու յաղթած է:
Լիբանանի կոլերը նշանակեցին Ալի Սաատի (5-րդ) եւ Ապպաս Աթուէ (32-րդ` փենալթիով), իսկ հիւր կազմին կոլը` Քու Ժա – Սհէուլ (20-րդ` փենալթիով):
Այս մրցումին ներկայ էր նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` այլ քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններու կարգին:
Մրցումէն ետք նախագահ Սլէյման դաշտ իջնելով շնորհաւորեց խումբին մարզիկները` անոնց արձանագրած այս փայլուն յաղթանակին համար:
Ապա, մրցումէն քանի մը ժամ ետք, Լիբանանի մարզիկները ուղղուեցան վարչապետարան, ուր կառավարութիւնը աւարտած էր իր ժողովը, եւ յիշատակի լուսանկար մը նկարուեցան:
Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, հաղորդուեցաւ, որ իւրաքանչիւր մարզիկ իբրեւ պարգեւ ստացաւ 10 միլիոն լիբանանեան ոսկի:
Լիբանան զտումի իր վերջին մրցումին, որ պիտի կատարէ 29 փետրուար 2012-ին, հիւրը պիտի ըլլայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն: Դ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովելու համար Լիբանան կարիք ունի միայն կէտի մը, կամ ալ Հարաւային Քորէա պէտք է յաղթէ Քուէյթի:
Ստորեւ Բ. խմբակին դասաւորումը` երէկուան մրցումներէն ետք (նշենք, որ Քուէյթ նոյն արդիւնքով յաղթեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն).
ՄՐՑ. | Յ. | Հ. | Պ. | ՆՇ. | ՍՏ. | ԿԷՏ | |
1.- Հարաւային Քորէա | 5 | 3 | 1 | 1 | 12 | 4 | 10 |
2.- Լիբանան | 5 | 3 | 1 | 1 | 8 | 10 | 10 |
3.- Քուէյթ | 5 | 2 | 2 | 1 | 8 | 7 | 8 |
4.- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ | 5 | 0 | 0 | 5 | 5 | 12 | 0 |