ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՆԹՈՒՆԻԷ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի բացման մրցումին, այսօր` չորեքշաբթի, 16 նոյեմբերին ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, կը կատարէ իր առաջին մրցումը` հիւրընկալելով Անթունիէն: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Նոր տարեշրջանին լաւապէս պատրաստուելու համար տեղի ունեցած օրինաւոր փորձերէն բացի, ՀՄԸՄ Պէյրութ կատարեց նաեւ բարեկամական մրցումներ, որոնց ընթացքին կազմը արձանագրեց բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:

Նշենք, որ խումբին մարզիչն է տեղացի փորձառու մարզիչ Ռըզքալլա Զալլում, որ իրեն օգնական ունի Հրայր Տիշչեքենեանը:

ՀՄԸՄ երթի իր եօթը մրցումներէն չորսը պիտի կատարէ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզահամալիրին մէջ: Հետեւաբար, կ՛ակնկալուի, որ այդ չորսն ալ աւարտին ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, որպէսզի կարելի ըլլայ դարձին տպաւորիչ մրցումներու շարքը շարունակել:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, որ այս տարեշրջանին զօրաւոր խումբով մը կը մասնակցի ախոյեանութեան:

Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի կատարելիք երթի մրցումներուն յայտագիրը.

 

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
ՀՄԸՄ – Անթունիէ 19:30 Աղբալեան
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Ահիա Ռիատա – ՀՄԸՄ 20:30 Քահրապա
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
ՀՄԸՄ – Ղազիր 19:30 Աղբալեան
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Ֆէյթրուն – ՀՄԸՄ 21:00 Ֆուատ Շեհապ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
ՀՄԸՄ – Թըպնին 19:30 Աղբալեան
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 26 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
ՀՄԸՄ – Քաունթրի Լոճ 19:30 Աղբալեան
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ (2012)
Պլու Սթարզ – ՀՄԸՄ 21:00 Միշել Մըր

 

Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմին մարզիկներուն անունները` իրենց շապիկներուն թիւերով, ծննդեան թուականներով եւ հասակով.

1.- Երուանդ Աւագեան (13, 11, 1979) 184 սմ
4.- Սարգիս Սվաճեան (30, 10, 1982) 188 սմ
5.- Յարութ Տեկիրմենճեան (28, 6, 1988) 190 սմ
6.- Հայկ Խաչերեան (27, 7, 1991) 184 սմ
7.- Էլիաս Ասմար (7, 1, 1983) 194 սմ
8.- Նազօ Կետիքեան (13, 7, 1991) 190 սմ
9.- Գրիգոր Մեսչճեան (29, 4, 1982) 179 սմ
10.- Ռուտի Ֆարաժ (19, 2, 1988) 189 սմ
11.- Մարիօ Ապպուտ (1, 8, 1981) 202 սմ
13.- Հրակ Գարագաշեան (11, 1, 1993) 175 սմ
14.- Ճորճ Ղանեմ (15, 7, 1985) 200 սմ
15.- Հրակ Մերտինեան (19, 11, 1988) 190 սմ
21.- Սեւակ Քեթենճեան (21, 8, 1991) 181 սմ
41.- Դաւիթ Տէր Եղիայեան (12, 5, 1980) 188 սմ
88.- Սամեր Սայետ (19, 4, 1987) 198 սմ

 

Share this Article
CATEGORIES