ՄԻՋԱՏՆԵՐՈՒ ԽԱՅԹՈՒԱԾՔՆԵՐ

ՏՈՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բոլորս ալ ենթակայ կ՛ըլլանք տարբեր-տարբեր միջատներու խայթուածքներու, որոնք տեղի կ՛ունենան տարուան չորս եղանակներուն: Այս յօդուածով հակիրճ ձեւով պիտի անդրադառնամ միջատներու խայթուածքներուն, ինչպէս նաեւ` անոնց դարմանման միջոցներուն:

1.- Մեղուի խայթուածք

Մեղուի խայթուածքը կը յառաջացնէ մորթի կարմրութիւն, ուռեցք, քերւըտուք եւ ցաւ, իսկ խայթը կը ցցուի մորթի մակերեսէն դէպի դուրս:

Խայթը կարելի է հանել քերթելով մորթը եղունգով եւ կամ մաքուր խաւաքարտով. բնաւ չգործածել նրբունելին` հանելու համար խայթը: Հանելէ ետք խայթը, լուալ վայրը օճառ-ջուրով: Մեղուի խայթուածքին ցաւը կը մեղմանայ` ծածկելով խայթուածքը պաղ ջուրով եւ կամ սառով:

Կարգ մը մեղուներու տեսակներ որոշ երկիրներու մէջ կը փոխանցեն ժահրային հիւանդութիւն մը, որ կը կոչուի West Nile Fever. Այս վայրերու մէջ գտնուողներ պէտք է հագնին երկար թեւով շապիկներ եւ երկար տափատներ ու պէտք է գործածեն միջատ վանող թրջոցներ: Պաշտպանուելու համար այս վտանգաւոր մեղուներէն` մայրամուտին պէտք է հեռու մնալ  պարտէզներէ, խոնաւ վայրերէ, ճահիճներէ եւ աղբերէ, ինչպէս նաեւ պէտք չէ գործածուին անուշահոտ-օճառներ, մազի ջրցօղ:

2.- Մժեղի խայթուածք

Ասիկա յատկանշական է կարմրած մորթի պզտիկ ուռեցքով, քերւըտուքով եւ մեղմ ցաւով: Մժեղի խայթուածքը պէտք չէ քերել, որովհետեւ ան կրնայ արիւնոտիլ եւ բորբոքիլ: Լաւագոյնը պիտի ըլլար` լուալ վայրը ջուրով-օճառով եւ ծածկել պաղ ջուրի թրջոցով եւ կամ հանգստացնող թրջոցով (calamine lotion):

Այն վայրերու մէջ, ուր մալարիա հիւանդութիւնը գոյութիւն ունի, որոշ մժեղներ կը փոխացեն հիւանդութիւնը առողջ անձի մը խայթելէ ետք մալարիայէ տառապող հիւանդ մը: Մժեղները առաւելաբար կ՛ապրին եւ կ՛աճին ճահիճներու եւ ջրառատ ու խոնաւ վայրերու մէջ, հետեւաբար պէտք է հեռու մնալ ճահիճներէ եւ ջրառատ վայրերէ:

3.- Մրջիւնի խայթուածք

Ասիկա կը յայտնուի պզտիկ կարմիր մորթի ուռեցքով եւ մեղմ ցաւով. Ուռեցքը կրնայ փոխուիլ փշտիկի: Անիկա կը մեղմանայ գործածելով պաղ ջուրի եւ քալամինի թրջոց:

4.- Տիզի (tick) խայթուածք

Տիզը ընդհանրապէս կը գտնուի անտառներու եւ խոտավայրերու մէջ:

Տիզը խայթելէ ետք կը մխրճուի մորթին մէջ եւ կը մնայ հոն: Կը յայտնուի կարծր եւ կլոր մորթի ուռեցքով: Տիզը  պէտք է հանուի, որպէսզի չյառաջանայ lyme հիւանդութիւնը, որ կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով` մորթի կարմիր ցան (rash), գլխացաւ, յոգնածութիւն, ջերմ, դող, մկանային ցաւ, վիզի պրկուածութիւն: Այս հիւանդութիւնը կը դարմանուի հակամանրէական դեղերով: Տիզը պէտք է հանուի, մորթին տակէն նրբունելիով մը բռնելով անոր գլխէն եւ զետեղել զայն ալքոլով լեցուն սրուակի մը մէջ, որպէսզի ան քննութեան ենթարկուի: Խայթուածքը պէտք է լուալ օճառ-ջուրով, սրբել ալքոլով եւ ծածկել հակամանրէական օծանով մը:

Անտառներու եւ խոտավայրերու մէջ, ուր տիզի գոյութիւնը հաւանական է, մարդիկ պէտք է գործածեն միջատ վանող թրջոցներ:

5.- Լուի (flea) խայթուածք

Ասիկա կը յառաջացնէ մորթի պզտիկ եւ կարմիր բարձրացում մը, որ կը յատկանշուի քերւըտուքով եւ կը տեսնուի ընդհանրապէս սրունքներուն վրայ` ծունկէն վար: Լուի խայթուածքը պէտք է լուալ պաղ ջուրով, սառով եւ կամ քալամին թրջոցով:

6.- Սարդի խայթուածք

Սարդի տեսակները շատ են. սեւ եւ մոխրագոյն սարդերը կրնան թունաւոր ըլլալ: Սարդի խայթուածքը յատկանշական է ցաւով եւ մորթի կարմրագոյն ուռեցքով, որ կրնայ փոխուիլ փշտիկի: Խայթուածքը պէտք է լուալ օճառ-ջուրով եւ ծածկել պաղ ջուրով եւ կամ սառով:

 


Share this Article
CATEGORIES