ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻ ԱՐՄԵՆԱԿ ԴՊՐՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈ՞Ւ

Կիրակի: Հոգեկան սնունդի համար եկեղեցի գացինք:

Ոմանք կ՛ըսեն` աւանդութիւնը յարգելու:

Կեդրոնականցի Արմենակ մեզմէ առաջ հասած, իր խտացեալ աղօթքը ըրած էր եւ մայթին վրայ կ՛երթեւեկէր:

– Գնա՛, խաչ մը հանէ, եկո՛ւր, դիմացի սրճարանը քեզ կը սպասեմ:

Մակարուհին, հակառակ մոռցուած սովորութեան, գլուխը ծածկեց եւ եկեղեցիի մուտքին ժպիտով մրմրթաց.

– Կրկին մոծակ մը խայթած ըլլալու է Արմենակը, նայեցա՞ր դէմքին:

Քառորդ ժամ չանցած` նստած էինք ներսի սեղաններէն մէկուն առջեւ: Հակառակ խաբուսիկ արեւին, ցուրտ էր:

Սուրճը բերաւ նոր սպասարկող վայելուչ կին մը: Հաւատացեալ յաճախորդները երկար պիտի նստին եւ… գովեն անոր բարեմասնութիւնները: Հաւանօրէն ան ալ Օվերնեը նահանգէն եկած էր, թերեւս` «ծագումով հայ», ինչպէս աւանդաբար կ՛ենթադրուի:

– Մակա՛ր, սիրելիս, նոր բան պատահեցաւ այս շաբաթ: Յանկարծ զիս յիշեր են մարդիկ:

– Քեզ ճանչցողները մի՞թէ կրնան քեզ մոռնալ:

– Ասոնք ուրիշ են: Զիս հրաւիրեցին հազուագիւտ հայ դպրոցներէն մէկուն հոգաբարձու ըլլալու, ինչպէս կ՛ըսէինք Պոլիս, բայց հոս աւելի տպաւորիչ բառ կը գործածեն եւ կ՛ըսեն քոնսէյ տ՛ատմինիսթրասիոն, թէեւ Ամերիկա ալ հրաժարած են աւանդական հոգաբարձութիւն բառէն, որ աղքատիկ է պորտ աֆ թրասթիզ-ին բաղդատած:

– Լա՛ւ է, սրտիդ խօսող գործ է: Յետո՞յ:

– Ընդառաջեցի, ըսածիդ պէս, սրտիս կը խօսէր: Բայց…

Արմենակ շունչ մը առաւ, հառաչանքի պէս: Արդէն հետաքրքրութիւնս սրեց:

– Բայց երկրորդ անգամ չգացի: Հայ դպրոցի հոգաբարձական ժողովին, ներողութիւ՛ն, քոնսէյ տ՛ատմինիսթրասիոն-ի ժողովին հայերէն խօսող չկար, ինծի պէս Պոլսէն եկող երիտասարդ մըն ալ հայերէնը մոռցածի պէս կը խօսէր, միւս ժողովականներուն պէս:

– Արմենա՛կ, կարեւորը դպրոցն է:

– Դպրոցի տօրէնուհին ալ ներկայ էր, ձեռքին ունէր չորս կամ վեց էջնոց պրակ մը: Ցոյց տալով պրակը` տիրական ձայնով կ՛ըսէր, որ` «դպրոցին նպատակը այս է, պետական ծրագիրը»: Միւսներն ալ իմաստուն կերպով կը ձայնակցէին: Անոնց ամէնէն իմաստունը, զոր կը ճանչնայի, որ ո՛չ հայերէն գիտէր, ո՛չ հայոց պատմութիւն, ո՛չ գրականութիւն, ի վերուստ տրուած-ստացուած իրաւունքով, կը բացատրէր,  որ այդ ճիշդ էր, որ հայ տղաքը, դպրոցէն ելլելէ ետք դիւրութեամբ պիտի ընդունուէին օտար վարժարաններ: Այդպէս ալ ծնողներուն պիտի բացատրուէր «դպրոցին նպատակը»: Սիրելի՛ս, դուն ըսէ ինծի, թէ այդպէ՞ս կը սահմանուի հայ դպրոցին նպատակը: Կ՛ըսես` կարեւորը դպրոցն է, ո՞ր դպրոցը, ի՞նչ ընելու համար:

– Արմենա՛կ, քու Կեդրոնականդ մոռցի՛ր, ան հայկակա՛ն վարժարան էր, հայո՛ց դպրոց: Ժամանակները փոխուած են, հիմա հայկական համարուած դպրոցը «ծագումով հայերու» դպրոց է, «ծագումով հայեր» պատրաստելու համար, որոնք կարենան թութակաբար կարգախօս կրկնել եւ «հայասէր» ըլլալ: Եթէ Հայաստան ալ երթան-գան, աւելի՛ լաւ: Տրամաբանութիւնը պարզ է. այս դպրոցները չեղածէն լաւ են: Հայերէ՞նը. ան յետամնացի եւ աղքատ ազգականի լեզու է: Ան յայտնի կ՛ընէ, որ օտար ենք, երբ մենք օրինակելի կերպով մերուած ենք: Ոմանք ալ հայ դպրոցի ստուերին կարեւոր ըլլալու ծարաւ կը յագեցնեն:

– Մակա՛ր, լո՞ւրջ ես:

– Ո՛չ լուրջ, ո՛չ անլուրջ: Իրատե՛ս:

– Ուրեմն, պիտի սպասենք Նազովրեցի՞ն, որպէսզի փերեզակները Տիրոջ տունէն դուրս դնէ մտրակով: Թէեւ աթոռախտէ տառապողները մտրակես ալ, չեն երթար:

– Ո՛չ, սիրելի Արմենակ, Բենիամին Թաշեանի «Տիրոջ այգի»էն: Ան այդպէս կը կոչէր մեր ոսկեղնիկ հայոց լեզուն: Յիշեցի Նարդունիի ոսկեղնիկը: Չըլլա՛յ որ տեղ մը Նարդունի յիշես, պիտի կարծեն, որ կամ երգիչ է կամ մարզիկ:

Մարդիկ եկեղեցիէն կ՛ելլէին եւ տուն չէին երթար: Կ՛երթային վաղեմի ծանօթներու հայերէնով բարեւ ըսելու եւ եկեղեցասէր տիկիններու սուրճին պատիւ ընելու: Մօտ օրէն հայերէն բարեւն ալ պիտի մոռցուի, հինցած պիտի ըլլայ, պիտի ըսենք` սալիւ կամ հըլլօ…

Ի Կլենտորա, Ապրահամ Լինքըլնի երկիրը

7 Նոյեմբեր 2011

Share this Article
CATEGORIES