ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ` ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ
Հ. Ճ.
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուածաշունչի ընկերակցութիւններուն եւ աղօթել, որ անոնք շարունակեն ծառայել Քրիստոսին եւ եկեղեցւոյ, որպէսզի «խօսքին» լոյսը ա՛լ աւելի ամրապնդուի տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ Քուէյթի Ափրիկեան աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Էքի Ահակուա, 22 հոկտեմբեր 2011-ին, Աստուածաշունչի ընկերակցութեան վերանորոգուած կեդրոնին բացման հանդիսութեան ընթացքին:
Քուէյթի Աստուածաշունչի ընկերակցութիւններուն Արաբական ծոցի գրասենեակի կեդրոնատեղիին վերանորոգման եւ ընդլայնման առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր բացում, որուն ներկայ էին տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առնելով` Աստուածաշունչի ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հրայր Ճէպէճեան ըսաւ, «Տիրող աննպաստ պայմանները, տնտեսական սահմանափակումներն ու ճգնաժամը կը ստիպեն, որ կազմակերպութիւններ վերադասաւորեն իրենց աշխատանքները եւ կատարեն կրճատումներ»: Ան աւելցուց նաեւ. «Մենք` որպէս Աստուածաշունչի ընկերակցութիւններ, կ՛ուզենք աշխատիլ հակառակ ուղղութեամբ: Անհրաժեշտ կը գտնենք ընդլայնել մեր աշխատանքային միջոցառումները, որպէսզի աւելի կարելի ըլլայ Աստուածաշունչի շնորհած «յոյս»ի պատգամը փոխանցել` անորոշ այս վիճակներուն մէջ» եզրափակեց ան:
Արաբ աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հովիւ եւ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան խնամակալ մամինի ատենապետ վեր. Էմմանուէլ Ղարիպ ներկայացուց ընկերակցութեան կատարած կարեւոր աշխատանքը` եկեղեցիներուն կեանքին համար եւ անոր առաքելութեան մէջ: Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ յատուկ նուիրման աղօթքներ նորակերտ կեդրոնին համար` տարբեր եկեղեցիներու առաջնորներու կողմէն:
Շահէ եպս. Փանոսեան` Կաթողիկոսական փոխանորդ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ` Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն համար, արտասանեց իր սիրտի խօսքը` շնորհաւորելով նոր կեդրոնը: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով:
Վերանորոգուած կեդրոնին բացումը միասնաբար կատարեցին վեր. Էմմանուէլ Ղարիպ եւ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ներկաները առիթ ունեցան շրջելու նոր կեդրոնին տարբեր բաժանմունքներուն մէջ:
Առաջին յարկը կ՛ընդգրկէ Աստուածաշունչ եւ այլ քրիստոնէական-հոգեւոր գրականութիւն. երկրորդ յարկը ունի յատուկ լսարան մը եւ սրահ մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին` սերտելու Ս. Գրային եւ այլ հոգեւոր ուսումնասիրութիւներ:
Քուէյթ այսօր կը հաշուէ մօտաւորապէս երեքուկէս միլիոն բնակիչ: Անոր մօտաւոր մէկ միլիոնը Քուէյթի ժողովուրդն է, իսկ մնացեալը` օտարահպատակներ: Քրիստոնէական ներկայութիւնը կը հաշուէ աւելի քան 350,000 հոգի, որոնք կու գան աշխարհի տարբեր շրջաններէ եւ կը պատկանին տարբեր յարանուանութիւններու: Քուէյթ ունի նաեւ շատ փոքր տեղական քրիստոնէական ներկայութիւն մը (մօտաւորապէս 250 անդամներէ բաղկացած), որ պաշտօնապէս ճանչցուած է պետութեան կողմէն:
Քուէյթի հայկական գաղութը կը հաշուէ աւելի քան 3000 անդամ: Քուէյթի Հայոց ազգային առաջնորդարանին կը պատկանի նաեւ Արաբական ծոցի միւս երկիրներու խնամակալութիւնը: Միօրեայ Ազգային վարժարանը Քուէյթի մէջ ունի աւելի քան 400 աշակերտ:
Աստուածաշունչի ընկերակցութիւններու գրասենեակը Քուէյթի մէջ ունի իր պաշտօնական արձանագրութիւնը: Անոնք կը գործակցին քրիստոնէական բոլոր համայնքներուն հետ` մատակարարելով Աստուածաշունչ եւ հոգեւոր գրականութիւն բազմաթիւ լեզուներով:
Ընկերակցութիւնը կը կազմակերպէ նաեւ լսարաններ, համագումարներ եւ տարբեր ձեռնարկներով կը նպաստէ քրիստոնէական ներկայութեան մատակարարելու քրիստոնէական կրթութիւն եւ ամրապնդելու անոնց գիտելիքները աստուածաշնչային բացատրութիւններու եւ նիւթերու մէջ: Եւ ներկայ կեդրոնը աւելիով կրնայ սատարել ընկերակցութեան աշխատանքներուն` մեր եկեղեցական աշխատանքներու ծիրին մէջ: