7-21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, 2011. ԹԱՐՄ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ (ԴէՊԻ ԵՐԵՒԱՆ)

Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Խորքին մէջ հայրենիք այս այցելութիւնը աշխատանքային ծրագիրով էր. Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած համահայկական խորհրդաժողովին մասնակցիլ` իբրեւ լիբանանահայ գիւղատնտես. սակայն ինծի համար այս մէկը լաւ առիթ պիտի ըլլար տեսնելու մեր հայրենիքը` տարիներու բացակայութենէ ետք:

Վերջին անգամ Երեւան այցելած էի 2005-ին, որպէս Այնճարի ներկայացուցիչ` մասնակցելու Մուսա Լերան հերոսամարտի 90-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Այդ այցելութիւնը սակայն մէկ շաբթուան տեւողութեամբ էր, եւ առիթ չէի ունեցած տեսնելու մեր երկիրը, լսելու մեր երկրի քաղացաքիներն ու հարազատները:

Տոմս ապահովելու համար հետաքրքրուեցայ ճամբորդական տարբեր գրասենեակներու մօտ: Փնտռեցի յարմարագոյնը` որպէս թուական եւ տոմսի գին: Պէյրութ-Կիպրոս-Երեւան, Պէյրութ-Տուպայ-Երեւան գիծերը թուականի տեսակէտէն (մէկը նաեւ փոխարժէգինի) յարմար էին: Սակայն նկատի ունենալով, որ խորհրդաժողովը ուրբաթ կը սկսէր, ի վերջոյ ընտրեցի Պէյրութ-Երեւան «Արմաւիա» երթուղին, որ աւելի գործնական էր (հոկտեմբեր ամիս ըլլալով` գինն ալ նուազած էր աւելի քան 150 տոլարով): Թէեւ ստիպուած էի շաբաթ մը առաջ մեկնելու, որպէսզի կարենայի խորհրդաժողովի բոլոր նիստերուն մասնակցիլ: Այս ձեւով նաեւ առիթ պիտի ունենայի 14 օր հայրենիքի հողին վրայ ապրելու:

Հոկտեմբեր 7-ի գիշերուան ժամը 1:00-ին էր թռիչքը: Այդպէս գրուած էր տոմսին վրայ: Բնականաբար կ՛ենթադրէինք, որ ուշացում ըլլար (վերջին երկու ամիսներուն այդ մէկը յաճախակի դարձած էր): «Սարդարապատ» ճամբորդական գրասենեակը արդէն տեղեկացուց, որ 1 ժամ ուշացում պիտի ըլլայ: Օդակայանին մէջ մէկ ժամը եղաւ երկու, յետոյ երեք, յետոյ չորս: Միայն առաւօտեան ժամը 5:00-ին օդանաւը թռիչք առաւ դէպի Երեւան:

Քանի մը ժամ օդակայանին մէջ ժամանակ սպաննելը դիւրին չէր անշուշտ: Դժգոհողները շատ էին, քնացողներ կային, գնում ընողներ կային, նոյնիսկ խմողներ կային:

Դժգոհած, սրտնեղած, քնատ ճամբորդները յանկարծ աշխուժացան Եթովպիոյ օդանաւը  փախցուցած Ֆարհաթին հանդիպելով եւ համախմբուեցան անոր շուրջ: Եթովպիոյ օդանաւին թռիչքէն առաջ բազմաթիւ անգամներ կոչեր լսուեցան, վերջին կոչեր, որոնք Ֆարհաթը կը հրաւիրէին աճապարելու: Սակայն Ֆարհաթը չկա՜ր ու չկա՜ր…

Շուրջ երկու ժամ ետք ան ներկայացաւ շատ բարձր տրամադրութեամբ` հարցնելու, թէ ե՞րբ պիտի թռչի օդանաւը: Պաշտօնեան ապշած էր: Երբ ենթակային հարցուց, թէ ո՞ւր էր մինչեւ հիմա, ան սառնասրտութեամբ պատասխանեց. «Ծխախոտ մը ծխեցի, հինգ վայրկեան եղաւ…»:

Մինչ պաշտօնեան յաւելեալ բացատրութիւն կ՛ուզէր այն մասին, թէ որմէ՞ արտօնութիւն առած էր, Ֆարհաթ ըսաւ. «Կապոյտ աչքերով աղջիկ մըն էր». յետոյ շարունակեց. «Քու աչքերուդ գոյնն ունէր», հակառակ անոր որ պաշտօնեային աչքերը սեւ էին…

Մէկ բան յստակ էր. Ֆարհաթը օդանաւը փախցուցած էր, սակայն ջղային չէր. 710 տոլար վճարած էր յաւելեալ 71 քիլօ ծանրութեան փոխադրութեան համար, բայց` «ի՞նչ ընենք, կը պատահին այսպիսի բաներ», կ՛ըսէր` փորձելով մեզ մխիթարել, որ նեղուած էինք իրեն համար…

Հիացայ Ֆարհաթին ուրախ կերպարով: Թերեւս խմիչքը եւս քիչ մը դերակատարութիւն ունեցած էր…

ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐ ՕԴԱԿԱՅԱՆ

Ամէն չարիքի տակ բարիք մը կայ, կ՛ըսէ ժողովրդային առածը: Այո՛, ուշացումին պատճառով ճամբորդները կրցան տեսնել արշալոյսը Արարատին վրայ եւ զիրար արթնցնելով` բարի լոյս ըսել Արարատին:

Առաւօտեան ժամը 8:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) ճամպրուկներով մուտք կը գործես «Զուարթնոց» օդակայան: Հիմնական փոփոխութիւն կրած է անիկա, ընդարձակուած, բարեզարդուած եւ գեղեցկացած է: Արդիական, մաքուր եւ գեղեցիկ կառոյցին համար շնորհաւորելի են թէ՛ արժանթինցի գործարար պրն. Էռնէքեանը եւ թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւններու. բարետես, քաղաքավար եւ ջերմ վերաբերմունքով պաշտօնեաները մեղմեցին մեր դժգոհութիւնը: 15 վայրկեանէն արդէն կ՛ուղղուէինք Երեւան:

ԴԷՊԻ ԱՐԵՆԻ` ԳԻՆԻԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Թէեւ չէինք քնացած, սակայն պէտք էր աճապարէինք հասնելու համար Արենի գիւղ, որ Երեւանէն աւելի քան 100 քիլոմեթր հեռու էր:

Տնեցիները արդէն հոն ուղղուած էին կանուխ ժամերուն: Ուստի: առանց հանգիստի մեկնեցանք Արենի:

Վայոց ձորի մէջ գտնուող այս չքնաղ գիւղը նշանաւոր էր իր եկեղեցիով (գործ` Մոմիկի) եւ գինիով: Գինիի փառատօնը աւանդական է եւ կը համախմբէ մեծ թիւով այցելուներ (հայ թէ օտար): Հեռուէն կ՛երեւի արդէն ինքնաշարժներու կարաւանը, որ երկար գիծ մը կազմած է գիւղի մուտքին: Ոստիկանները կը հսկեն երթեւեկին. քալելով պէտք է անցնիլ գիւղին մայր փողոցէն, որ խճողուած է: Փողոցին երկու կողմերուն գիւղացիները կը վաճառեն իրենց արտադրութիւնները` պտուղներ, ձմրան համար պահածոներ, միրգեր, չիր, լաւաշ, գինի…

Ժողովրդային տօնահանդէս է: Թոնիրին դիմաց խմբուած են այցելուներ` թարմ լաւաշ ճաշակելու, մինչ չինացիներ կը նկարեն գիւղացիներուն կողմէ լաւաշի պատրաստութեան գործընթացը: Քիչ անդին տեսակաւոր գինիներ կը հրամցուին այցելուներուն: Վայելել պէտք է Արենիի գինին. հարազատ է հայկական երգը.

«Բարի բերք մաղթենք մեր հողին,
Մեր հողի ոսկի խաղողին,
Խաղողից գինի քամողին,
Մեր հողերն ազատ պահողին»:

Տօնական մթնոլորտը տիրական է: Խորովածի հոտը լեցուցած է ձորը, մինչ բեմի մը վրայ կան պարողներ եւ երգողներ: Ենթադրեցի, որ հոս անպայման ծանօթի մը կրնանք հանդիպիլ, եւ հանդիպեցանք. «Երկիր»ի խոհարար Սեդրակ Մամուլեանին (ճաշակեցինք նաեւ իր համով հայկական խորովածը), «Արեւմտահայոց հարցերու կոմիտէ»ի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեանին, որ նկարահանումներ կը կատարէր: Խմեցինք Արենիի գինիէն: Ծանօթ գինեգործ Աւագ Յարութիւնեան պնդեց, որ 20 տարուան հնութիւն ունեցող գինիէն ալ խմենք: Գրեթէ գինովցանք, ո՛չ խմիչքէն, այլ` տօնական մթնոլորտէն:

Խումբ մը տղաք սկսան երգել ազգային երգեր` «Ելի՛ր Գէորգ, ելի՛ր» երգին միացայ, ապա երգեցինք «Անցնենք Սասուն, մտնենք Վան» եւ «Արիւնոտ դրօշ»ը: Խանդավառութիւնը կատարեալ էր:

Ժամերը սահած էին, սակայն կարելի չէր մեկնիլ` առանց տեսնելու Արենիի եկեղեցին, որ պահապան հրեշտակն էր բլուրին գլխուն: Բարձրացանք եկեղեցի, «Հայր մեր» մը ըսինք, մոմ վառեցինք Արցախի նահատակներուն յիշատակին, գիւղ իջանք տախտակէ հին կամուրջին վրայէն: Պէտք էր վերադառնայինք, սակայն այդ մէկը անմիջապէս կարելի չէր, որովհետեւ քանի մը քիլոմեթր անդին կը գտնուէր այն քարայրը, ուր գտնուած էր աշխարհի ամէնէն հին գտածոներէն նկատուող 5500 տարուան կօշիկը, որմէ ետք գտնուեցաւ նաեւ հին հագուստ մը:

 

(Շար. 1)

Share this Article
CATEGORIES