«ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԷՏՔ Է ԵԳԻՊՏՈՍԸ ԴԻՄԱԿԱԼԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՊԵՆ ԷԼԻԱԶԱՐ

Պեն Էլիազար

Իսրայէլեան Քնեսեթի եւ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Պենիամին Պեն Էլիազար յայտնեց, որ «Եգիպտոսի վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, Իսրայէլ պէտք է Եգիպտոսը դիմակալելու պատրաստուի»:

Ան իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Եգիպտոսի վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ ժամանակի ընթացքին Իսրայէլ ինքզինք պիտի գտնէ Եգիպտոսի հետ ուղղակի ճակատումի մը մէջ, ուստի պէտք է ճակատումին պատրաստուինք»:

Էլիազար ըսաւ, որ «կը գտնուինք կացութեան մը մէջ, ուր ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, թէ ընտրուելիք եգիպտական իշխանութիւնը ինչպիսի՛ կերպարանք պիտի ունենայ, եւ պէտք է հաշուի առնենք, որ կրնանք մենք մեզ Եգիպտոսի հետ ճակատումի մէջ գտնել»` նշելով, որ գոյութիւն ունին հարցեր Սինայի մէջ, որ «նշանաւոր ահաբեկչական շրջանի վերածուած է»:

Իսրայէլացի ականաւոր երեսփոխանը ըսաւ, որ ի տարբերութիւն Կազայի, ուր Իսրայէլ գործելու ազատութիւն ունի, «պէտք է այս մէկը նկատի ունենանք»:

Share this Article
CATEGORIES