ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ ինք մտահոգ է երկրին ապահովական կացութեամբ, որովհետեւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը գտնուին նեղ կացութեան մէջ եւ կը փափաքին Սուրիոյ ներքին իրադարձութիւններուն վրայ կեդրոնացող լուսարձակները իրենց կողմը դարձնել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանին դէմ նիւթուած դաւադրութիւնները շատ վտանգաւոր են եւ անոնք զանց չեն առներ նոյնիսկ անոնք, որոնք շրջանին մէջ այդ դաւադրութիւնը կը գործադրեն` գոհացնելով մեծ պետութիւնները: Դեսպան Ալի շեշտեց, որ Սուրիա կը փափաքի ամրապնդել շրջանն ու արաբական աշխարհը արթնցնել` պահպանելու համար արաբական խիղճը եւ արաբական գոյութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ շրջանին մէջ Թուրքիա ճիգ չի խնայեր ստանձնելու Օսմանեան կայսրութեան համազօր դերակատարութիւն մը` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ ոմանք կը փորձեն սիւննիները արաբականութենէն ամուսնալուծել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ մաղթեց, որ լիբանանեան ուժերը պահպանեն երկրին ներքին կայունութիւնը, յատկապէս շրջանին դիմագրաւած ապահովական խախուտ կացութեան լոյսին տակ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը արձանագրած է 500 լ. ոսկիի յաւելում:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունենայ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ մեծամասնութեան մաս կազմող աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլա եւ Սուրիա կը փափաքին Լիբանանի կառավարութիւնը պահել մինչեւ 2013-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հրահրած լարուածութիւններն ու անոնց նախապատրաստած սադրանքները շրջանցած են լիբանանեան սահմանները:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը կը փաստէ, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքը կը գտնուի Հըզպալլայի տիրապետութեան տակ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը դասեր քաղէ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի օրինակէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ իր կնոջ` երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի ընկերակցութեամբ կը գտնուէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, երէկ վերադարձաւ Լիբանան: Ապու Տապիի մէջ Ժահժահ հանդիպումներ ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգ իշխանին` շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի եւ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ սուրիական վարչակարգին հետ իր ունեցած լաւ եւ հեզասահ յարաբերութիւնները ծառայեցնէ Լիբանան-Սուրիա սահմանագծում կատարելու նպատակին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Թրիփոլիի առաջնորդ Ժորժ Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոսը զարմանք յայտնեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն յայտարարութիւններուն գծով, թէ Թրիփոլիի սիւննի համայնքը կը մերժէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Թրիփոլի կատարելիք այցելութիւնը: Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոսը խստիւ հերքեց այդ յայտարարութիւնները` նկատել տալով, որ անոնք անհիմն են:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն յայտնեց, որ Ֆրանսա շահագրգռուած է Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելով:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ու տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին մեկնեցան Մոսկուա:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Արաբական լիկան բաւարար ժամանակ չէ տուած Սուրիոյ, որպէսզի ան գործադրէր բարեկարգումի նպատակով մշակուած եւ վաւերացուած արաբական նախաձեռնութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ Արաբական լիկային մէջ որդեգրուած լիբանանեան կեցուածքը ժխտական մեծ ազդեցութիւն ձգած է Լիբանանի ունեցած արաբական եւ միջազգային յարաբերութիւններուն վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ տակաւին կը շարունակեն յայտնել, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Արաբական լիկային մէջ այդ կեցուածքը որդեգրած է` առանց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ խորհրդակցելու:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, 2013-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին, Էշրեֆիէի յոյն ուղղափառ համայնքի երեսփոխանական թեկնածու պիտի առաջադրուի Թարեք Մըթրին եւ ոչ թէ երեսփոխան Նէյլա Թուէյնին: Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ այս իմաստով յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը իր օրհնութիւնը արդէն իսկ տուած է: