ԵՐԿՈՒ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ ՍՈՒՐԸ
Սուրի մէջ երէկ առաւօտեան ժամը 5:00-ին արձանագրուեցան երկու պայթումներ, որոնցմէ մէկը հարուածեց «Էլիսսա Քուին» պանդոկը եւ ոգելից ըմպելիներ վաճառող վաճառատուն մը: Պայթումները պատճառեցին նիւթական վնասներ: Սոյն պայթումին անդրադառնալով` ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ պայթումին թիրախը երկրին ապահովութիւնը կամ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը չեն, այլ` ոգելից ըմպելիներ վաճառող վաճառատունն է:
Լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փութացին պայթումին վայրը եւ շրջափակեցին զայն` դէպքին գծով հետաքննութիւն բանալով:
Դատական իշխանութեան յատուկ ոստիկաններ իրենց բացած հետաքննութիւններուն ծիրին մէջ շեշտեցին, որ պանդոկը հարուածած ականը 3 քկ պայթուցիկ նիւթ կը պարունակէ:
Նախնական արդիւնքներուն համաձայն, բոլոր կողմերը հաստատեցին, որ այդ պայթումին թիրախը ՖԻՆԻՒԼ-ը չէր:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խստիւ դատապարտեց Սուրի մէջ արձանագրուած պայթումը` շեշտելով, որ շրջանի բնակչութիւնը նման արարքներ գործելու անսովոր է. ան աւելցուց, որ այդ պայթումը չի կրնար կրօնական հիմք մը ունենալ:
Նոյն շրջագիծին մէջ, ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պատասխանատու են Սուրի ապահովութեան եւ պայթումին շուրջ բացուած հետաքննութեան:
Թինընթի դիտել տուաւ, որ ոչ մէկ փաստ կայ, թէ այդ պայթումները ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ էին:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոպըրթ Ուիթքինզ յայտնեց, որ իր կարծիքով, Սուրի մէջ պատահած երկու պայթումները ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը թիրախ չեն դարձուցած:

