ԺՈՄՊԼԱԹ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՊԼՈՔԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ, Հատի Հպէյշ եւ Զիատ Քատիրի, ինչպէս նաեւ պլոքի խորհրդականներ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր եւ կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդի անդամ Զիահ Նասըր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ընտրական օրէնքն ու երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Կը նախատեսուի, որ երէկ սկսած այդ հանդիպումը յառաջիկային շարունակուի յաւելեալ խորհրդակցութիւններով:

 

Share this Article
CATEGORIES