ԷՇՐԵՖԻԷԻ ՄԷՋ ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԳՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

Աուտէ եպիսկոպոս եւ փոխվարչապետ Մուքպել

Նախանցեալ երեկոյեան անծանօթներ կողոպտեցին յոյն ուղղափառ համայնքի Էշրեֆիէի առաջնորդարանը եւ նիւթական վնասներ հասցուցին անոր: Ապահովութեան ուժերը հետաքննութիւն բացին դէպքին առնչութեամբ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց առաջնորդարանին դէմ գործուած արարքը` շեշտելով յանցագործները անմիջապէս բացայայտելու անհրաժեշտութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ եւ խստիւ դատապարտեց առաջնորդարանին դէմ գործուած արարքը:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին դատապարտեց արարքը եւ Աուտէ եպիսկոպոսին մօտ գործուղեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որ յայտնեց, թէ միջադէպը սովորական աւազակութիւն է` աւելցնելով, որ առաջնորդարան մուտք գործող աւազակները կրցած են արժէքաւոր եւ բարոյական արժէք ներկայացնող իրեր գողնալ:

Աուտէ եպիսկոպոս դէպքը  դատապարտող հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիէն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն, Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքէն, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիէն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլէն, մեծ թիւով երեսփոխաններէ եւ պետական ու բարձրաստիճան բազմաթիւ անձնաւորութիւններէ:

Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Միշել Մըր կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին ու ներքին գործոց նախարարութեան` բացայայտելու յանցագործները եւ պատժելու զանոնք: Ան նշեց, որ յոյն ուղղափառ համայնքի երեսփոխանները այս միջադէպին գծով լուռ պիտի չմնան:

Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ` խստիւ դատապարտելով յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանին դէմ գործուած աւազակութիւնն ու քանդումը:

Առաջնորդարանին դէմ գործուած աւազակութիւնը դատապարտելու նպատակով Աուտէ եպիսկոպոսին այցելեցին նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն:

 

Share this Article
CATEGORIES