«ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ՆԱԽԱՊԷՍ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱԾ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ Գահիրէի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի նիստին ընթացքին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի արտայայտած կեցուածքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, որոնց հիմնական նպատակն էր Լիբանանի գերագոյն շահերուն պահպանումը:
Նշենք, որ երէկ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


