ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՆԵՐՈՂԱՄԻՏ ԸԼԼԱԼՈՒ
Ներողամտութեան միջազգային օրուան առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց բոլորին ներողամիտ ըլլալու եւ չարտօնելու, որ երկխօսութիւնը կամ զրոյցը քաղաքավարութեան եւ յարգանքի չափանիշներէն դուրս բերուի:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կատարուելիք անկեղծ եւ իմաստուն երկխօսութիւնը միակ միջոցը պէտք է ըլլայ լուծումներ եւ ելքեր գտնելու առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել այս կամ այն սպառնալիքէն կամ օտար միջամտութիւններէ:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին նախարարներ Միխայել Տահերը եւ Ֆայեզ Շքըրը, որոնց հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան քաղաքական զարգացումները:


