ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՓՈԹՈՐԿՈՏ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏ ՄԸ

Խորհրդարանի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց կառավարութիւնը հարցապնդելու խորհրդարանի լիագումար նիստին, որ եղաւ փոթորկոտ` նկատի ունենալով ընդդիմութեան երեսփոխաններուն ուղղած հարցումները եւ նոյնինքն Պըրրիի դէմ անոնց որդեգրած յարձակողական մօտեցումը:

Պըրրի նիստը բացաւ իր, խորհրդարանին եւ լիբանանցիներուն անունով շնորհաւորելով Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը: «Եթէ ֆութպոլը կը միասնականացնէ լիբանանցիները, ապա անոնց միտքերը աւելի եւս պէտք է միասնականացնէ զանոնք», ըսաւ ան:

Նախքան խորհրդարանական փոքրամասնութեան ուժերուն կողմէ կառավարութեան ուղղուելիք հարցումները, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ ընդդիմացաւ խորհրդարանի նիստին քննարկելիք օրակարգին դէմ. ան դիտել տուաւ, որ այդ օրակարգը խորհրդարանի դիւանին կողմէ չէ ճշդուած:

Ֆաթֆաթի հարցումին պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ, որ խորհրդարանի կանոնագիրին համաձայն, ինք ունի այդ իրաւունքը եւ կրնայ ճշդել նիստին օրակարգը: Երեսփոխաններուն միջեւ արձանագրուած բանավէճերէն ետք Պըրրի եզրափակեց ըսելով. «Ով որ ինծի հետ անձնական հարց ունի, խորհրդարանէն դուրս կրնայ տեսնել զիս»:

Երեսփոխան Ասեմ Արաժի հարց տուաւ Լիթանի գետին ապականումին եւ անոր առաջքը առնելու համար զտարաններու կառուցման մասին: Այս հարցով Արաժի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը ամբաստանեց Լիթանի գետին ապականումը օրինականացնելու յանցանքով:

Իր կարգին, Պասիլ պատասխանեց ըսելով, որ կոյուղիներուն հարցը կանոնաւորելու նպատակով նախարարութիւնը երբեք նիւթական միջոցներ չունի:

Պասիլ նշեց, որ լիբանանեան բոլոր շրջանները նոյն կարիքները ունին: Ան աւելցուց, որ կայ միացեալ համաձայնագիր մը ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, կենսոլորտի եւ երկրագործութեան նախարարութիւններուն միջեւ, որպէսզի համագործակցին եւ կազմեն յանձնախումբ մը եւ այդ գծով աշխատին` վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին կողքին:

Արաժի նշեց, որ ինք նախարարին պատասխանը անբաւարար նկատած է եւ ինքնաբերաբար հարցումը վերածեց հարցապնդումի:

Իր կարգին, երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կառավարութեան եւ ի մասնաւորի զբօսաշրջութեան նախարարին հարց տուաւ Մանսուրիէի լողաւազաններէն մէկուն մէջ արկածով մահացած երեխայի մը` Ռամի Միշել Հաշեմի մասին:

Զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ անուններով եւ թուականներով ներկայացուց այդ մասին կատարուած բոլոր հետաքննութիւնները, ինչպէս նաեւ նշեց, որ հսկողութիւնը կարեւոր է եւ հիմնական: Ապպուտ ներկայացուց նաեւ նախարարութեան պարզած այսօրուան իրավիճակը:

Հաժժար բաւարարուեցաւ Ապպուտի պատասխանով:

Երեսփոխան Ասեմ Արաժի հարց տուաւ նաեւ Պեքաայի մէջ Լիբանանեան համալսարանի միացեալ համալիրի կառուցման մասին: Կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ այդ թղթածրարին մասին իր տուած պատասխանով բաւարարեց Արաժին:

Արաժի հարց տուաւ նաեւ Լիբանանի մէջ վաճառուող դեղորայքի բարձր սակերուն մասին. ան գնահատեց այս իմաստով առողջապահութեան նախարարութեան ջանքերը` նկատել տալով, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նուազեցնելու համար դեղորայքին սակերը:

Երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ հարց տուաւ ընդհանուր ապահովութեան վարչութեան հրապարակած կեղծ անցագիրներուն մասին:

Ֆաթֆաթ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հարց տուաւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած առեւանգումներուն վերաբերեալ իր կարծիքին մասին: Այս հարցին պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ, որ եթէ ինք հարց ունի ինքզինք խնդրայարոյց հարցերէ զերծ կացուցելու հետ, ապա իրենք կը պարծենան այդ քայլով:

Հակառակ խորհրդարանը բռնկեցնելու իր բոլոր փորձերուն, Ֆաթֆաթ չյաջողեցաւ:

Ընդհակառակն` ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել բացատրեց, որ սխալ անցագիրներուն պատճառը երկու թաղապետերու կողմէ արձանագրուած սխալներն են: Ան աւելցուց, որ ինք պիտի չարտօնէ, որ իր նախարարութեան մէջ ապօրինութիւններ արձանագրուին: Այս ծիրին մէջ, Շարպել ֆաթֆաթին յիշեցուց, թէ ինչե՜ր գործած է ան, երբ ստանձնած է ներքին գործոց նախարարութիւնը:

Շարպելի այդ պատասխանը զայրացուց Ֆաթֆաթը, որ իր հարցումը վերածեց հարցապնդումի:

Նիստէն ետք Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Պըրրի ոտնձգութիւններ կը կատարէ խորհրդարանի օրէնքներուն դէմ:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Ալի Պեզզի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի օրէնքի եւ կարգ ու կանոնի անձնաւորութիւն մըն է, որ տարիներէ ի վեր կը նախագահէ խորհրդարանին: «Իսկ Ֆաթֆաթի յայտարարութիւնները ուղղակիօրէն կը դրսեւորեն անոր ատելութիւնը: Հետեւաբար, պէտք է այլեւս փակել անոնց բերանները, որովհետեւ անոնք կ՛ուզեն Լիբանանով առեւտուր կատարել, ինչպէս որ մօտիկ անցեալին անոնք առեւտուր կատարեցին Լիբանանին համար թափուած արիւնով, երբ թշնամի Իսրայէլին թէյ հիւրասիրեցին, իսկ այսօր անոնք պատրաստ են նոյն թշնամիին ոսկեայ ափսէներ յանձնելու», շեշտեց Պեզզի:

Share this Article
CATEGORIES