ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՀԱՆԴԱՐՏԵՑՆԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը:

Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ

նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ ինք մեծ յոյսեր ունի, որ ներողամտութեան արժէքը գնահատուի բազմազանութեան արժանիքը ունեցող բոլոր շրջանակներուն կողմէ:

«Նախագահ Սլէյման նշեց, որ Ռուսիոյ պատրիարքին հետ հանդիպումը առիթ էր շեշտելու համար, որ դրացի շրջանակներուն մէջ արձանագրուած շարժումները պէտք է հիմնուած ըլլան բազմազանութեան նկատմամբ յարգանքին վրայ», ըսաւ Ապու Ֆաուր:

Ան նկատել տուաւ, որ նախագահ Սլէյման լուսարձակի տակ առած է Լիբանանի իւրայատուկ փորձառութիւնը` այս մարզին պարագային, աւելցնելով, որ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր հատուածները կը մասնակցին երկրին ազգային որոշումին:

Ապու Ֆաուր աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահը վերստին կոչ ուղղած է հանդարտեցնելու եւ խաղաղեցնելու երկրին մէջ տիրող քաղաքական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ օգտագործելու այնպիսի քաղաքական բառամթերք, որ տիրող կացութիւնը չի բռնկեցներ եւ երկրին մէջ տիրող քաղաքական լարուածութիւնը աւելի եւս չի սրեր:

«Նիստի ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ ձմրան ընթացքին ենթակառոյցներուն հոգատարութեան եւ ծառերու հատումը կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Ապու Ֆաուր:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը շարունակած է քննարկել ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի մշակած ընտրական օրինագիծը. այս շրջագիծին մէջ բացատրութիւններ ներկայացուած են համամասնական օրէնքին առնչութեամբ:

«Երկրին ապահովական կացութեան առումով, պարզուեցան տեղեկութիւններ, թէ Սուրի պայթումներն ու յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանին գողութիւնը զուտ քրէական հարցեր են, որոնք քաղաքական ենթահող չունին», ըսաւ նախարարը:

Ուաէլ Ապու Ֆաուր նշեց, որ կառավարութիւնը Մանսուրիէի մէջ ելեկտրական բարձր լարման գիծեր զետեղելու որոշումը տուած է եւ կը մնայ այդ որոշումը գործադրելու ձեւին եւ ժամկէտին մանրամասնութիւնները ճշդել:

Share this Article
CATEGORIES