ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ԾՆՆԴԱԲԵՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ՀՈԳԵԿԱՆ, ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ» ՆԻՒԹՈՎ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Ծննդաբերութենէն ետք հոգեկան, ֆիզիքական եւ ընկերային առողջ կենցաղ» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան:
Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ներկայացուց օրուան դասախօս դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեանը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի առողջապահութեան գիտութիւններու բաժանմունքէն: Յասմիկ Մկրեան, շեշտելէ ետք նիւթին կարեւորութիւնը, բացատրեց, թէ ծննդաբերութենէն ետք, մանաւանդ առաջին զաւկին պարագային, երբ տակաւին ենթական անփորձ է, իր դիմաց կը տեսնէ դժուարութիւններ, նոր պարտաւորութիւններ նորածինին նկատմամբ: Առողջապահական հարցերու հետ զուգահեռ, նոր մայրացած կինը կ՛ունենայ անձկութեան պահեր, վիճակներ, իր ընկերային կեանքը կը կաշկանդուի, թէեւ ան չի թերանար իր պարտականութիւններուն մէջ, սակայն անհրաժեշտ է, որ իր անմիջական շրջապատը, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, ջանք թափէ, իրեն օգնող, նեցուկ կանգնող, խրախուսող ըլլայ, կորովը բարձրացնէ, կորովը վերականգնէ, որպէսզի ծննդաբերութենէն ետք կինը վերսկսի առողջ կենցաղին:
Դասախօսը` դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան, դասախօսութեան սկսաւ յիշեցնելով, թէ վերոյիշեալ վիճակէն կիներ նուազագոյնը մէկ եւ աւելի անգամներ կ՛անցնին: Ինքնին ծննդաբերութիւնը շատ երջանիկ առիթ մըն է` ստեղծելով մեծ ուրախութիւն, նախ եւ առաջ մօր համար. հայրը յարաբերաբար աւելի ուշ կը զգայ այդ ուրախութիւնը:
Հակառակ անոր որ ծննդաբերութիւնը ուրախ առիթ մըն է, այսուհանդերձ անիկա նաեւ առողջապահական հարցերու դուռ կը բանայ. անոնք կրնան ըլլալ ֆիզիքական եւ հոգեկան: Մայրը ուրախութեան զգացումի զուգահեռ կ՛ունենայ պատասխանատուութեան զգացում, մանաւանդ առաջին ծննդաբերութենէն անմիջապէս ետք: Մօր կեանքը ամբողջովին կը փոխուի, մանաւանդ ընկերային մակարդակի վրայ. հաւանաբար նախ եւ առաջ դէմ յանդիման գալով ֆիզիքական հարցերու, լուծելով զանոնք, ընկերային հարցեր երեւան կու գան, յատկապէս այս նոր երեւոյթը կը կաշկանդէ մօր ազատութիւնը, եւ մօր որոշումները կախեալ կ՛ըլլան նորածինին ստեղծած պայմաններէն:
Այս նոյն կենցաղային փոփոխութիւններէն կ՛ազդուի նաեւ հայրը` ըլլալով անմիջական օգնականը մօր կողքին: Ճիշդ է, առաջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, անմիջական հարազատներ, բարեկամներ օգտակար կը դառնան նոր ստեղծուած պայմաններուն, բայց ասիկա երկար չի տեւեր: Հայրը կը ստանձնէ օգնականի դերը, կարգ մը հայրեր այս պարտականութիւնը շատ սիրով կը ստանձնեն, ուրիշներ աւելի նուազ պատասխանատուութեամբ:
Յաջորդ բաժինով դասախօսը թուեց ֆիզիքական ու հոգեկան հարցերը, որոնք հորմոնային փոփոխութիւններու արդիւնք են, կ՛ազդեն կնոջ կենցաղին վրայ: Հորմոնային փոփոխութիւնները, որոնք տեղի ունեցած էին յղութեան շրջանին, ծննդաբերութենէն ետք աստիճանաբար կը վերադառնան իրենց բնական` նախայղութեան շրջանի կարգավիճակին: Բայց ընթացքին, հորմոնային վերիվայրումները կը ստեղծեն տարբեր վիճակներ, յատկապէս հոգեկան: Մեծ մասամբ կիներու մօտ, յատկապէս առաջին շաբաթներուն ընթացքին ցած տրամադրութիւն` հակառակ շրջապատող ուրախ մթնոլորտին: Այս շրջագիծին մէջ կարելի է յիշել նաեւ ընկճուածութիւնը եւ ճնշուածութիւնը, որոնք աւելի ուշ երեւան կու գան ծննդաբերութենէն ետք: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ երկուքէն վեց ամսուան ընթացքին կիներուն 20 առ հարիւրը կը տառապին վերոնշեալ հոգեկան վիճակներէն:
Շարունակելով, հոգեկան հարցերու կողքին դասախօսը յիշեց ֆիզիքական շարք մը հարցեր, յատկապէս կաթ տալու կամ չտալու պարագային, ուր ցաւ, բորբոքումներ եւ տարբեր բարդութիւններ կրնան յայտնուիլ: Աւելի ուշ, կինը կրնայ տառապիլ պնդութենէ, միզելու անզսպուածութենէ, մանաւանդ երբ յղութեան շրջանին ծանր կշիռը, ճնշելով արգանդին ու միզամանին վրայ, կ՛ունենայ իր ժխտական անդրադարձը: Բայց այս բոլորը մասնագէտի օգնութեամբ ու կարգ մը վարժութիւններով կարելի է վերադարձնել իրենց բնական վիճակին:
Արիւնահոսութիւնը աւելի նուազ պատահող երեւոյթ է բայց առաջին 24-48 ժամերուն ընթացքին կինը հակամէտ է անոր:
Այս շրջանին կարելի է նաեւ կնոջ մօտ ըլլան արգանդի բորբոքումներ, ընդհանուր մարմնի ցաւեր ու յոգնութիւն:
Լիբանանի մէջ 500 կիներու հետ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, անոնց 94 առ հարիւրը արտայայտուեցան մէկ առողջապահական հարցի մասին:
Հետաքրքրական է, որ ծննդաբերութենէն ետք մինչեւ երկու ամիս կիներուն 29 առ հարիւրը աւելի քիչ արտայայտուեցան հարցերու մասին, իսկ 71 առ հարիւրը երկու ամիս ետք, աւելի յաճախ կրկնուող ֆիզիքական հարցերու մասին: Իսկ հոգեկան հարցերը կը ներկայացնեն նոյն պատկերը:
Դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան ներկայացուց սեռային կեանքը ծննդաբերութենէն ետք: Առաջին բաժինով ներկայացուց ֆիզիքական հարցերը, ինչպէս` արիւնահոսութիւնը, հորմոնային փոփոխութիւնները: Ընդհանրապէս ֆիզիքական հարցերը կը վերանան 4-8 շաբաթներու ընթացքին:
Իսկ կան նաեւ ոչ ֆիզիքական հարցեր, որոնք կը պատահին ծննդաբերութենէն ետք, ինչպէս` հոգեկան հարցեր, յոգնութիւն, տարբեր առաջնահերթութիւններ, մարմնի ձեւի փոփոխութիւններ, ցաւ, յղանալու վախ:
Խօսելով ծննդաբերութենէն ետք սեռային յարաբերութեան ընթացքին ցաւի զգացումին մասին` դասախօսը լիբանանեան ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ ներկայացուց հետեւեալ պատկերը. կիներուն 60 առ հարիւրը արտայայտուեցան, թէ ցաւ ունին յարաբերութեան ընթացքին, 85 առ հարիւրը ըսին, թէ նախապէս այս ցաւերը չկային եւ ծննդաբերութենէն ետք յայտնուեցան, իսկ 73 առ հարիւրը չէ դիմած բժիշկի:
Ընդհանրապէս ծննդաբերութենէն ետք կիներ կը դժուարանան դիմելու բժիշկի, երբ տարբեր ֆիզիքական եւ հոգեկան հարցեր երեւան կու գան այս հանգրուանին, եւ յաճախ բժիշկի հսկողութիւնն ու հետեւողականութիւնը անհրաժեշտ պայմաններ են:
Իբրեւ եզրակացութիւն, դասախօսը փոխանցեց անհրաժեշտ ցուցմունքներ, որոնք կենսական են առողջ յետ ծննդաբերութեան շրջան մը ունենալու: Նախ եւ առաջ զոյգերուն միջեւ շարունակական հաղորդակցութիւն, երկրորդ` ընդունիլ փոփոխութիւնները, երրորդ` օգնութիւն ու օժանդակութիւն խնդրել` դիմելով մասնագէտի կամ բժիշկի, եւ վերջապէս` յիշել, որ ասիկա անցման շրջան մըն է ու անցողակի երեւոյթ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի առողջապահական բաժանմունքի կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական տեսաերիզի ցուցադրութիւն: Ապա դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն ու տուաւ համապատասխան ցուցմունքներ:


