ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 14 նոյեմբեր 2011-ին, երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանեց Ռուսիոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ պատրիարք: Վեհափառին բացակայութեան Ռուսիոյ պատրիարքին այցելութեան առիթով տեղի ունեցող ձեռնարկներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Առաջնորդ սրբազանը պատրիարքին փոխանցեց վեհափառին բարեմաղթութիւնները:

Յայտնենք, որ երկար տարիներու բարեկամութիւն ու գործակցութիւն գոյութիւն ունի վեհափառին ու Քիրիլ պատրիարքին միջեւ, երբ անոնք տակաւին իբրեւ վարդապետներ միատեղ իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ժողովներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES