ԱՐԱՄ Ա., ՇՆՈՒՏԱ Գ., ԶԱԳԳԱ Ա. ԵՒ ՓԱՒԼՈՍ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ

Շնուտա Գ. պատրիարքի գահակալութեան 40-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին

Կիրակի, 13 նոյեմբեր 2011-ին, ընդառաջելով Շնուտա Գ. պատրիարքի հրաւէրին, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Գահիրէ` ընկերակցութեամբ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի: Վեհափառին Գահիրէ այցելութեան նպատակն էր խորհրդակցութիւն ունենալ Շնուտա Գ. եւ Զագգա Ա. պատրիարքներուն հետ, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուիլ Շնուտա Գ. պատրիարքի գահակալութեան 40-ամեակի հանդիսութեան:

Երկուշաբթի առաւօտ, ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը Շնուտա Գ. եւ Զագգա Ա. պատրիարքներուն ու Արամ Ա. կաթողիկոսին միջեւ` Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութիւնը յուզող, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին առնչուած հարցերու գծով: Ապա, հանդիպման միացաւ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Փաւլոս պատրիարք:

Յիշեալ հանդիպումէն ետք ընդլայնուած հանդիպում մը տեղի ունեցաւ չորս հոգեւոր պետերուն ընկերակցող եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ:

Պատկերասփիւռին տրուած հարցազրոյցին պահուն

Նոյն օրը երեկոյեան, Գահիրէի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Շնուտա Գ. պատրիարքի գահակալութեան 40-ամեակի ժողովրդային հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Զագգա Ա. պատրիարք, Արամ Ա. կաթողիկոս, Փաւլոս պատրիարք, Եգիպտոսի նախկին վարչապետը եւ այլ քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր թէ աշխարհական պատասխանատուներ: Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Շնուտա Գ. պատրիարքը: Յաջորդ օրը, երեքշաբթի, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի երեք Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու գործակցութեան յանձնախումբի հանդիպումը, որուն մասնակցեցան Սեպուհ ու Նարեկ սրբազանները: Յիշեալ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան առաւելաբար Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի յառաջիկայ համաժողովին հետ աղերս ունեցող նիւթեր:

Գահիրէ իր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին վեհափառը երկար հարցազրոյց մը ունեցաւ պատկերասփիւռի հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան հայ եկեղեցւոյ, Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն առնչուած նիւթեր: Նոյն գիշերը վեհափառը վերադարձաւ Անթիլիաս:

Share this Article
CATEGORIES