ՀՅԴ-Ն ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԸ
15 նոյեմբերին խորհրդարանը արտակարգ ձեւով քննարկեց ՀՅԴ-ի առաջարկած «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, որով կ՛առաջարկուի նուազագոյն աշխատավարձի չափը սահմանելէն առաջ` հաշուի առնել գնաճի մակարդակը, կենսաապահովման նուազագոյն պիւտճէն կամ սպառողական նուազագոյն զամբիւղի արժէքը, ինչպէս նաեւ միջին աշխատավարձը: Առաջարկուած է նուազագոյն աշխատավարձը 32500-ի փոխարէն սահմանել 63000 դրամ, իսկ քաղաքական ծառայողներուն համար` 75800 դրամ:
Նախագիծի հիմնական զեկուցող, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ներկայացուց օրինագիծի հիմնաւորումները եւ առաջարկուող փոփոխութիւնները: Ան նշեց, որ անկախացումէն ի վեր Հայաստանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձի սահմանումի հիմնաւորուած մեքանիզմներ չեն գործած:
«Մեր սահմանադրութիւնը կ՛ամրագրէ, որ իւրաքանչիւր աշխատող պէտք է ստանայ նուազագոյնէն ոչ պակաս, արդար վարձատրութիւն, եւ որպէսզի այդ երկու չափանիշները ապահովուին, մենք կ՛առաջարկենք օրէնսդրական փոփոխութեան ծիրին մէջ ամրագրել հետեւեալ քաղաքականութիւնը. աշխատավարձի ամսական նուազագոյն չափը չի կրնար պակաս ըլլալ 12-ամսեայ գնաճի արդիւնքներով վերահաշուարկած նախորդ տարուան նուազագոյն աշխատավարձէն եւ կենսաապահովման նուազագոյն պիւտճէէն, ինչպէս նաեւ միջին ամսական աշխատավարձի յիսուն առ հարիւրէն», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
«Նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացման մասին» ՀՅԴ-ի առաջարկած օրինագիծի քննարկումին ընթացքին պատգամաւոր Արա Նռանեան նշեց, որ նախորդ տարիներուն եւս գնաճ արձանագրուած է, սակայն ժողովուրդը անոր ծանր ձեւով չէ արձագանգած, քանի որ գնաճին զուգահեռ աշխատավարձերը եւ կենսաթոշակները նաեւ աւելցած են: