ՊԱՔՈՒ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Ալի Հասանով

Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժանմունքի ղեկավար Ալի Հասանով ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Պաքուի համար ընդունելի են բոլոր այն ուղիները, որոնք կրնան նպաստել ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման:

«Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման օգնելու որեւէ ուղի, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի հայկական եւ ազրպէյճանական համայնքներուն միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումը, ընդունելի է եւ պէտք է աջակցութիւն ստանայ: Պէտք է ողջունել որեւէ գործունէութիւն, եթէ կը նպաստէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման եւ պայմաններ կը ստեղծէ խաղաղ լուծման համար», ըսած է Ալի Հասանով:

Ընդգծելով, որ համայնքներու միջեւ տեղի ունենալիք քննարկումը կը նկատուի ժողովրդական դիւանագիտութիւն, Հասանով ըսած է. «Երկու համայնքներու կամ երկու երկիրներու մտաւորականութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումը ղարաբաղեան հիմնախնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծելու միջոցներէն է: Որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման համար ազդակ դառնալ, պէտք է ողջունել»:

Նշենք, որ օրեր առաջ Ազրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան Ռովշան Ռզայեւ ըսած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական եւ ազրպէյճանական համայնքներու ներկայացուցիչները կը պատրաստուին 28 նոյեմբերին Պերլինի մէջ հանդիպում ունենալու:

Share this Article
CATEGORIES