ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ: Երկու երկիրներու նախագահները քննարկեցին Իրանի նախագահին` Հայաստան կատարելիք այցելութեան վերաբերող հարցեր:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Իրանի նախագահները զրուցեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերող հարցերուն շուրջ, մասնաւորաբար` միտքեր փոխանակեցին ենթակառուցային եւ ընթացիկ տնտեսական ծրագիրներուն վերաբերեալ:
CATEGORIES Հայկական