ԿՈՉ
Արդէն սկսած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքը` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Ան պիտի եզրափակուի 24 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու տարածքին կազմակերպուող թելեթոնով:
Այս տարուան հասոյթը, նախորդին նման, պիտի յատկացուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ գիւղերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման ծրագիրներուն:
«Հայաստան» հիմնադրամի նման համահայկական կառոյցները, անկախ իրենց հետապնդած անմիջական ու մասնագիտական նպատակէն, ունին խորհրդանշական խորունկ նշանակութիւն: Անոնց գոյութիւնն ու կենսունակութիւնը նաեւ իրողական փաստն են համայն հայութեան միասնականութեան եւ միացման եզրը կը կազմեն տարասփիւռ հայութեան բազում ու բազմատեսակ հատուածներուն:
Միաժամանակ պէտք է հաստատել, որ հայութեան համազգային նպատակներու իրականացման տեսանկիւնէն անգնահատելի է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու ամրապնդումը: Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերն ու Արցախի հայութիւնը երաշխաւորներն են ամբողջ Հայաստանի ապահովութեան ու զարգացման: Հետեւաբար, այդ շրջաններուն մէջ ներդրումը կը հետապնդէ համահայկական նպատակներ:
Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք հայութեան բոլոր մասնիկներուն` մեծ թիւով եւ լիաբուռն կերպով մասնակցելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հանգանակութեան:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԲԻՒՐՕ
16 նոյեմբեր, 2011

