ԴԱՀՈՒԿԱՐՇԱՒ. 2010-2011 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ
Նախորդ շաբաթավերջին «Մարինա»-ի մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2010-2011 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը:
Այս հանդիսութեան ներկայ էին ֆետերասիոնին անդամները, ակումբներու նախագահներ եւ պատասխանատուներ, հովանաւորող ընկերութիւններ եւ մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները:
Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Էտմոն Քէյրուզ խօսք առնելով, շնորհաւորելէ բացի մրցանակակիրները, մաղթեց, որ անոնք նորանոր յաջողութիւններ արձանագրեն նոր տարեշրջանին, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ:
CATEGORIES Մարզական
