ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր օրակարգին վրայ դրուած նիւթերն ու հարցերը քննարկելէ առաջ յայտարարեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի տղոց ազգային խումբին իւրաքանչիւր մարզիկին, առ ի գնահատանք, կը նուիրէ վեց հազար ամերիկեան տոլար, Հարաւային Քորէայի դէմ (2014-ի Մոնտիալի զտում) արձանագրուած փայլուն եւ պատմական յաղթանակին առիթով:

Իր ժողովին, ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք արձանագրուած բոլոր արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը, զոր կու տանք ստորեւ.

 

Ա ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ահլի Սայտա – Ահտ 5:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Ռասինկ – Նըժմէ 2:15 Ժունիէ
Շապապ Սահել – Թատամոն Սուր 2:15 Պէյրութ
Ախա Ալէյ – Թրիփոլի 2:15 Պհամտուն
Սալամ Սուր – Սաֆա 2:15 Սուր
Մապարրա – Անսար 5:30 Մարզական Աւան
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – ՀՄՄ 2:15 Սուր
Իժթիմահի – Հարաքեթ Շապապ 2:15 Թրիփոլի
Նահտա Պար Էլիաս – Շապապ Թրիփոլի 2:15 Խիարա
Ֆաժըր Արապսալիմ – Ահլի Նապաթիէ 2:15 Արապսալիմ
ՇԱԲԱԹ, 19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Սալամ – Մաուատտէ 2:15 Զղորթա
ԿԻՐԱԿԻ, 20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Իրշատ – Խըյուլ 2:15 Նըժմէ
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԿԻՐԱԿԻ, 20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
ՀՄԸՄ – Շեպիպեթ Մազրաա 2:15 Պուրճ Համուտ

 

Ֆետերասիոնին 66-րդ եւ նախավերջին որոշումը եղաւ այն, որ կազմուեցաւ Ամման (Յորդանան) մեկնող Լիբանանի 16 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 20-26 նոյեմբերին տեղի ունենալիք աղջկանց մրցաշարքի մը, կազմակերպուած եւ հովանաւորուած` Նորվեկիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:

Պատուիրակութեան նախագահն է Սիլվա Սարաֆեան, իսկ խումբին մաս կազմող մարզիկներուն կարգին են Մարիա Պէրպէրեան եւ Հիլտա Թոփալեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES