ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂԱՔԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 71-59 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Անթունիէն:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 20-16, 16-7, 12-21 եւ 23-15:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (30 կէտ), ապա` Երուանդ Աւագեան (18) եւ Սեւակ Քեթենճեան (9):
Առաջին իսկ մրցումէն պէտք չէ խանդավառուիլ եւ կամ որեւէ նկատողութիւն կատարել, թէ խումբը ի՛նչ վիճակի մէջ է, այդ մէկը ըլլայ դրական կամ ժխտական:
Կարեւորը այն է, որ խումբը նոր տարեշրջանին սկսաւ յաղթանակով, հոգ չէ եթէ կան կարգ մը տկար կէտեր, որոնք բնականաբար սրբագրելի պիտի ըլլան յաջորդ մրցումներուն ընթացքին:
Յաղթանակներու շարքը անկասկած պէտք է շարունակուի յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն ալ:
ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ ԺՈՒՆԻԷ – ՊԸՐՊԱՐԱ
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 17 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ Ժունիէ կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Պըրպարայի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Նշենք, որ Բ. հանգրուանին իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Ժունիէ 68-62 արդիւնքով յաղթեց Նոթրը Տամ Ֆըրն Շըպպեքի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին գծով երէկ արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
| Պիպլոս – Հաուշ Ումարա | 99-63 |
| Շանվիլ – Հուփս | 89-77 |
| Պաժժէ – Անդրանիկ Պէյրութ | 108-79 |
| Անիպալ Զահլէ – Մութթահետ | 104-60 |

