ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՆՋՈՂԼԵԱՆԸ

Երէկ երեկոյեան, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Սուքքարիա» ճաշարանին մէջ (Նաքքաշ), ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, պատուեց ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մունջողլեանը, որ հանդիսանալով Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեան, ապահոված էր 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիականի իր տոմսը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչ Ֆայսալ Ալամէտտին (Լիբանանի կոլֆի ֆետերասիոնի նախագահ), երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրի, փինկ փոնկի միջազգային ֆետերասիոնի անդամ եւ փինկ փոնկի ֆրանսախօս երկիրներու նախագահ Միշել Տը Շատարեւեան, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, Լիբանանի սկաուտներու ֆետերասիոնի նախագահ Քամալ Ֆախըր, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ապտալլա Շեհապ, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Սըննօ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռոպեր Ապի Ապտալլա, Պէյրութի միջազգային մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, տարբեր ֆետերասիոններու, քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչներ, թաղապետեր, մարզական լրագրողներ եւ հրաւիրեալներ:

Սիլվա Սաղըրեան

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այս հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի սկաուտները եւ Շրջանային վարչութեան շեփորախումբը:

Բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Սիլվա Սաղըրեան:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Անգամ մը եւս մարզական մեծ եւ կարեւոր իրադարձութիւն մը մեզի իրարու մօտ կը համախմբէ, եւ այս համախմբումին ընդմէջէն ՀՄԸՄ կու գայ վեր բարձրացնելու իր եւ Լիբանանի անունը` միջազգային գետնի վրայ:

«Դուին Մունջողլեանի կատարած այս մեծ իրագործումը վստահաբար մեզի` ՀՄԸՄ-ի համար եթէ կը նկատուի հպարտալի երեւոյթ մը, անդին անիկա նոյնքան կարեւոր կը նկատուի նաեւ լիբանանեան մարզաշխարհին համար, որ ունի այսպիսի աստղեր:

«Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն ճաշարանին սեփականատիրոջ Թոնի Ապպուտի, որ փափաքեցաւ այս մարզական կարեւոր իրադարձութիւնը հիւրընկալողը ինք հանդիսանալ»:

Յակոբ Քէշիշեան

Ապա, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան խօսք առնելով ըսաւ.

«ՀՄԸՄ 1924-ին Լիբանանի մէջ իր հիմնադրութենէն ի վեր միշտ ալ իր ամէն կարելին ըրած էր աստղեր եւ ախոյեան տալու լիբանանեան մարզաշխարհին, ըլլայ այդ մէկը անհատական կամ խմբային այլազան մարզաձեւերու ընդմէջէն:

«Շուրջ 15 օր առաջ էր, երբ Դուին Մունջողլեան կարեւոր նուաճում մը արձանագրեց` ապահովելով Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիականի իր տոմսը: Անոր այդ իրագործումը ոչ միայն ՀՄԸՄ-ի, այլեւ ամբողջ Լիբանանի համար յաղթանակ մը կը նկատուի, որովհետեւ ի վերջոյ ան Անգլիոյ մէջ հանդէս պիտի գայ եւ իր մրցումները պիտի կատարէ Լիբանանի դրօշին ներքեւ:

«Եթէ անոր հայրը` Րաֆֆի Մունջողլեան 1974-էն 1991, 17 տարի Լիբանանի ախոյան հանդիսանալէ բացի այլ իրագործումներ ալ կատարեց արաբական, ասիական եւ միջազգային ախոյեանութիւններու ընթացքին, այժմ անոր զաւակը` Դուին, կու գայ շարունակելու այդ յաջողութիւններուն ճամբան այլ կարեւոր նուաճումով մը:

«Պահը յարմար նկատելով, կու գանք յաջողութիւն մաղթելու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան մեր երիտասարդ նախարարին` Ֆայսալ Քարամէի, որ ամէն ճիգ ի գործ դնէ լիբանանեան մարզաշխարհի զարգացման եւ յառաջդիմութեան համար:

«Եզրափակելով, կու գանք Լիբանանի մէջ գտնուող մեր ինը մասնաճիւղերուն կողմէ շնորհաւորելու Դուին Մունջողլեանը եւ անոր յաջողութիւն մաղթելու յառաջիկայ տարի` յուլիսին տեղի ունենալիք Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիականին»:

 

Սիմոն Ապի Ռամիա

Անթուան Շարթիէ

Միշել Տը Շատարեւեան

Սելիմ Հաժ Նիքոլա

 

 

 

 

 

 

 

Ապա, յաջորդաբար խօսքեր արտասանեցին Սելիմ Հաժ Նիքոլա, Միշել Տը Շատարեւեան, Անթուան Շարթիէ, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Ֆայսալ Ալամէտտին:

Դուին Մունջողլեան

Ֆայսալ Ալամէտտին

Անոնք բոլորն ալ իրենց խօսքերուն մէջ դրուատեցին ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, մեծ գովասանքով արտայայտուեցան Լիբանանի մարզաշխարհին մէջ անոր ձեռք ձգած յաջողութիւններուն եւ փայլուն արդիւնքներուն համար, ինչպէս նաեւ յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ տեսակի մարզաձեւերուն մէջ նորանոր յառաջխաղացք եւ վերելք մաղթեցին:

Անոնք իրենց գովասանքի խօսքը ըսին նաեւ Դուին Մունջողլեանի, որ պիտի ներկայացնէ Լիբանանը` 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիականին:

Խօսք առնողներէն ոմանք առաջնահերթ նկատեցին նաեւ այն կէտը, որ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը պէտք է իր ամէն կարելին ընէ, բարոյական օժանդակութենէ բացի նիւթապէս ալ օգտակար դառնալու Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանին, որպէսզի յաջողութիւն արձանագրելու անոր յոյսերը աւելիով կրկնապատկուին:

Ապա, ցուցադրուեցաւ յատուկ վիտէօ-երիզ մը` Դուին Մունջողլեանի իրագործած յաղթանակներուն մասին:

Վերջին բաժինով իր խօսքը արտասանեց Դուին Մունջողլեան, որ ըսաւ. «Բնականաբար, ուրախ եմ այս իրագործումին համար: Յոյսով եմ, որ արդարացնեմ իմ վրաս դրուած յոյսերը եւ իմ ամէն կարելիս ի գործ դնելով փայլուն արդիւնք արձանագրեմ Լոնտոնի մէջ` բարձր պահելով Լիբանանի եւ անշուշտ ՀՄԸՄ-ի անունները»:

 

Share this Article
CATEGORIES