50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ՄԱԼԽԱՍ ԶՕՀՐԱՊԻ ՄԱՍԻՆ

«Ազդակ»ի նոյեմբերի 14-15-ի թիւերուն մէջ կարդացի Մալխասի պատմած դրուագները Զօհրապի մասին:

Այս երկտողովս անհրաժեշտ կը համարեմ երկու ուղղումներ ընել` թողնելով Մալխասի եւ Զօհրապի մտերիմ բարեկամութեան մասին եղած յիշատակութիւնները:

Յուշերու վրայ ես կը նայիմ ոչ իբրեւ պատմութիւն, այլ կ՛ընդունիմ զանոնք իբրեւ թանկագին ատաղձ` ապագայ պատմութեան համար:

Ուրեմն, այդ յուշերը պէտք է պատմուին ստոյգ եւ հիմնաւորուած տուեալներով: Դժբախտաբար, սակայն, կը թուի, թէ Մալխաս երկար տարիներ յետոյ շփոթած է դէպքերը եւ բնութագծերը մարդոց:

Այսպէս.

Ա.- Ըստ Մալխասի, «խեղճ Զօհրապը բուռն ցանկութիւն ունէր եւ ամբողջ էութեամբ կ՛ուզէր նախարարական կազմին մէջ (թուրք) աթոռ մը ունենալ, որուն չկրցաւ հասնիլ»:

Ճիշդ չէ եւ անարդար է Զօհրապին վերագրել «ամբողջ էութեամբ ձգտումը նախարար դառնալու»:

«Ազատարար» Շեւքեթ փաշայի բանակին յաղթական մուտքէն յետոյ , երբ Իթթիհատ կուսակցութիւնը տակաւին հաշուի կ՛առնէր Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, մեր կողմէ անհրաժեշտ համարուեցաւ մասնակցիլ բարենորոգչական գործին` միաժամանակ ապահովելով հայութեան անվտանգ ապագան: Ամէնէն յարմար անձը Գ. Զօհրապն էր, որ մեծ հեղինակութիւն ունէր երկրի բոլոր տարրերուն մէջ:

Սակայն Զօհրապ, որ թէեւ ազգային եւ քաղաքական իր բոլոր քայլերուն մէջ Դաշնակցութեան աջակցութիւնը կը վայելէր եւ ներդաշնակ գործելակերպ մը ստեղծուած էր Դաշնակցութեան եւ իր միջեւ, տատանումներ ունեցաւ, չէր հաւատար թուրքերուն եւ իր սրտովը չէր անոնց հետ նախարարական աթոռ գրաւել:

Ուրիշ ելք չունինք. պէտք էր մէկը, որ «յեղափոխական» այդ սոդոմ-գոմորի մէջ հայութեան շահերը արժէքաւոր էր:

Վերջապէս, Զօհրապ մեր յամառ պնդումներուն վրայ զիջեցաւ եւ համաձայնեցաւ դատական նախարարի անթոռին թեկնածու ներկայանալ:

Դաշնակցութիւնը Ակնունին եւ Արմէն Գարօն ղրկեց Իթթիհատին մօտ: Սակայն Իթթիհատը մերժեց Զօհրապի թեկնածութիւնը` առարկելով, որ ան «Իթիլաֆ» ընդդիմադիր կուսակցութեան կը պատկանի, հետեւաբար չեն կրնար ընդունիլ անոր թեկնածութիւնը: Եւ առաջարկեց անոր տեղ իբրեւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար առնել Արմէն Գարօն: Իթթիհատի այդ առաջարկը թէ դաշնակցութիւնը եւ թէ՛ Արմէն Գարօն անընդունելի գտան:

Ահաւասիկ այս է իրողութիւնը:

Բ.- Ըստ Մալխասի, Չեստերի երկաթուղային ծրագրի մէջ կը մտնէին «Տրապիզոն, Կարին, Ալաշկերտի արեւմտեան մասը, Տարօնը եւ Վասպուրականը»: Հաւանաբար Մալխաս կը շփոթէ Սամսոն-Սվազ երկաթուղային ծրագրին հետ, որ առաջարկուած էր ֆրանսական ընկերութեան մը կողմէ` Շահրիկեանը իբրեւ միջնորդ ունենալով, ինչ որ հանդիպեցաւ ռուս կառավարութեան ընդդիմութեան:

Չեստերի երկաթուղային ծրագիրը իր մէջ պիտի առնէր Միջերկրականի եզրէն` Եումուրթալըքէն եւ կտրելով Անատոլուն արեւմուտքէն արեւելք, պիտի յանգէր պարսկական սահման: Այս, ծրագրի բուն հեղինակն էր Արմէն Գարոն:

Վ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES