«ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇՐՋԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «Անգարա Սուրիոյ շահերն ու հանդարտութիւնը Թուրքիոյ շահերն ու հանդարտութիւնը կը նկատէ»: Ան Սեւ ծովու համախմբումի ժողովի բացումին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իր երկիրը մեծ ջանքեր թափած է Սուրիոյ մէջ հանդարտութեան եւ կայունութեան հաստատման օժանդակելու համար:

«Հակառակ Անգարայի եւ Արաբական լիկայի բազմաթիւ զգուշացումներուն, Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը կը շարունակուի, եւ մենք` իբրեւ Թուրքիա, կը շարունակենք Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծման ի նպաստ մեր զգուշացումները», ըսաւ ան` շրջանի երկիրներուն կոչ ուղղելով «Դամասկոսի մէջ կայունութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու»:

Թուրքիոյ վարչապետը նշեց, որ «Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի հարցերը շրջանային չեն, այլ` միջազգային», եւ կոչ ուղղեց խաղաղութեան հաստատման եւ արիւնահեղութեան դադրեցման համար անմիջական միջոցառումներ որդեգրելու եւ միջազգային միասնականութիւն ցուցաբերելու: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ հարցը հաւանաբար աշխարհի վրայ Լիպիոյ պարագային ցուցաբերուած նոյն զգացումներով չ՛ընկալուիր, որովհետեւ ուժանիւթի առումով բաւարար հարուստ չէ, «սակայն այդտեղ սպաննուողները եւս մարդ են»:

Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր քարտուղար Ռիատ Շաքֆա Պոլսոյ մէջ յայտնեց, որ սուրիացիները պատրաստ են վարչակարգին գործած բռնարարքներէն քաղաքայինները պաշտպանելու համար Սուրիոյ մէջ թրքական միջամտութիւն մը ընդունելու: Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ սուրիացի ժողովուրդին համար թրքական միջամտութիւն մը աւելի ընդունելի պիտի ըլլայ, քան արեւմտեան միջամտութիւն մը, «եթէ հարցը քաղաքայինները պաշտպանելու կը վերաբերի»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ սուրիական բանակէն անջատուած զինեալներուն` սուրիական օդուժի գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնին դէմ շղթայազերծած յարձակումը «քաղաքացիական պատերազմի համազօր է»: Ան անգամ մը եւս կոչ ուղղեց Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն կատարելու:

«Բռնարարքները դադրեցնելու կարեւորութեան շուրջ Արաբական լիկայի որոշումը, անկախ իր աղբիւրէն, պէտք է աւելի յստակ եւ մանրամասն ըլլայ», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով. «Արաբական լիկայի նախաձեռնութեան գործադրման համար կ՛առաջարկենք, որ առնչակից բոլոր երկիրները Սուրիոյ մէջ իրադարձութեանց խաղաղ լուծման կոչ ուղղեն ոչ միայն սուրիական իշխանութեանց, այլ նաեւ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն` առանց բացառութեան»: «Ասիկա պէտք է կատարուի Արաբական լիկայի եւ այն երկիրներուն կողմէ, որոնց հողամասերէն ընթացք կ՛առնեն ընդդիմութեան աշխատանքները», ընդգծեց Լաւրով:

Նշենք, որ Չինաստան երէկ «խոր» մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ:

Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Ժասեմ Խուրաֆի Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Քուէյթի կեցուածքը հիմնուած է շրջանին մէջ ապահովութեան ամրապնդման եւ կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապը բարեմիտ ջանքերու ճամբով լուծելուն վրայ: Ան Սուրիոյ միասնականութեան, հողային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդի պատիւի պահպանման սիրոյն Սուրիոյ վարչակարգին կողմէ արաբական նախաձեռնութեան ծրագիրին գործադրման կարեւորութիւնը շեշտեց:

Լարիժանի իր կարգին յայտնեց, որ մեծ պետութիւնները Սուրիոյ մէջ լարուածութիւն կը ստեղծեն եւ կացութիւնը կը վատթարացնեն: Ան ըսաւ, որ այդ ուժերը Սուրիոյ մէջ բարեփոխումներու հոլովոյթէն անհանգստացած են, ուստի կը ջանան բոլոր միջոցներով արգելք հանդիսանալ սուրիական տագնապը երկխօսութեան եւ խորհրդակցութեան ճամբով լուծելու երթին:

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Պեռնար Վալերօ ըսած է, թէ Ֆրանսա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին դէմ ճնշումներ գործադրելու համար կ՛ուզէ Թուրքիոյ հետ համագործակցիլ:

Տեղեկացնելով, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յառաջիկային կը պատրաստուի Թուրքիա այցելելու, Վալերօ ըսած է, որ Ժիւփէ Անգարայի մէջ հիմնականին մէջ պիտի քննարկէ Սուրիոյ հարցը: Ան նշած է, որ Ժիւփէ Անգարայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահին, վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Ժիւփէ «Մոնթէ Քարլօ» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ պաշտօնական որեւէ ճանաչում ստանալէ առաջ սուրիական ընդդիմութեան կազմած Սուրիոյ ազգային խորհուրդը պէտք է իր շարքերը կազմակերպէ: Ան Սուրիոյ դրացի երկիրներուն այն կարծիքը, թէ Ասատ անվստահելի է, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ անդամակցութիւնը սառեցնելու Արաբական լիկայի որոշումը «շրջադարձ» մը նկատեց:

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Անգարա որոշած է Սուրիոյ ազգային խորհուրդի անդամներուն քաղաքական օժանդակութիւն տրամադրել եւ ոչ թէ զինուորական, ինչպէս նաեւ արտօնել, որ Թուրքիոյ մէջ իրենց աշխատանքը շարունակեն: Հաւաստի աղբիւրներ օրաթերթին նշած են, որ Թուրքիա որոշած է Սուրիոյ ազգային խորհուրդը ճանչնալու չաճապարել, այլ սպասել այդ հարցով Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Արաբական լիկայի կեցուածքին: Աղբիւրները աւելցուցին, որ ասիկա չի նշանակեր, որ Անգարա կը մերժէ անոնց կողմէ Թուրքիոյ մէջ գրասենեակի բացումը արտօնել:

Միւս կողմէ, դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ կը նախատեսուի, թէ արաբական եւ եւրոպական երկիրներէ, Թուրքիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այսօր Փարիզի մէջ Սուրիոյ ապագային շուրջ ժողով մը գումարեն` քննարկելու համար Սուրիոյ հարցով յառաջիկայ քայլերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ապագան ու Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք երկարող հանգրուանին պատկերացում մը գոյացնելու: Աղբիւրները կը նշեն, որ ժողովին պիտի մասնակցին Արաբական լիկայի մէջ կշիռ ունեցող անդամներ, ինչպէս` Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Յորդանան:

Նշենք, որ Մարոք Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումէն ետք իր դեսպանը տուն կանչեց: Սուրիոյ կառավարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ իշխանութիւնները դատական հետապնդումի պիտի ենթարկեն ոեւէ անձ, որ երկրին մէջ դեսպանատուներու դէմ յարձակում կը գործէ: Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին զգուշացուց, որ Դամասկոսի մէջ դեսպանատուներուն դէմ յարձակում գործողները ձերբակալուելով դատական իշխանութեանց պիտի յանձնուին:

 

Share this Article
CATEGORIES