ԸՍՏ «ԻՆԹԸՐՖԱՔՍ»Ի ՄԵՏՎԵՏԵՒ, ՆԱԶԱՐՊԱՅԵՒ ԵՒ ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՕ ԱՅՍՕՐ ԵՒՐԱՍԻԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ ՊԻՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐԵՆ
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր աղբիւրները կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի եւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ այսօր պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի եւրասիական տնտեսական համարկման հետագայ հոլովոյթը:
«Հանդիպումին ընթացքին ստորագրութեան կը պատրաստուի եւրասիական տնտեսական համարկման մասին հռչակագիրը: Այդ փաստաթուղթը կը խօսի Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան սկզբունքներուն եւ արժեչափերուն հիման վրայ ստեղծուած եւ իր ձեւաւորման որեւէ փուլին մէջ այլ պետութիւններու անդամակցութեան համար բաց միասնական տնտեսական տարածութիւն ստեղծելու յաջորդ քայլին անցնելու մասին», կը հաղորդէ «Կազեթա.ռու»:
Երեք երկիրներու նախագահներու քննարկումին պիտի ներկայացուի նաեւ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբին մասին համաձայնութիւնը: Յանձնախումբի աշխատանքները պէտք է սկսին 1 յունուար 2012-ին:
Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին հոկտեմբերին ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին մէջ գրած էր յետխորհրդային տարածքին մէջ Եւրասիական միութիւն ստեղծելու մասին: Ան նշած էր, որ միութիւնը նոր Խորհրդային Միութիւն պիտի չդառնայ, այլ` Եւրոպայի եւ Ասիա-խաղաղական ովկիանոս շրջանի միջեւ կապող օղակ պիտի ըլլայ: Ան ընդգծած էր, որ Ռուսիա, Պիելոռուսիա եւ Ղազախստան Միասնական տնտեսական տարածութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ քայլ կ՛առնեն: Ըստ անոր, Միասնական տարածութեան, ուր գաղթի, սահմանային եւ այլ խոչընդոտներ պիտի չըլլան, քաղաքացիները պիտի կարենան առանց սահմանափակումներու ընտրել, թէ ո՛ւր կ՛ուզեն ապրիլ, կրթութիւն ստանալ եւ աշխատիլ: Գործարարներուն նաեւ իրաւունք պիտի տրուի ընտրել, թէ ո՛ր երկրին մէջ կ՛ուզեն գործունէութիւն ծաւալել` Ռուսիո՞յ, Պիելոռուսիո՞յ, թէ՞ Ղազախստանի մէջ: