ԱՊԱՏԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՀԱՍԱՆԻ

Դեսպան Ապատի եւ շէյխ Հասան

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական ուժանիւթի թղթածրարին դէմ բարձրացած համաշխարհային տեղեկատուական

աղմուկին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ հիւլէական կայանները ռմբակոծելու առումով համաշխարհային աղմուկը ձախողութեան ճիչերու համազօր է:

Ան աւելցուց, որ այս աղմուկը ցոյց կու տայ, թէ շրջանին մէջ արդար դատերուն պաշտպան կողմերն են յաղթական դուրս եկող կողմերը:

Իր կարգին, շէյխ Նայիմ Հասան յայտնեց, որ պէտք է միջիսլամական յարաբերութիւնները հզօրացնել` կոչ ուղղելով Իրանի եւ արաբական երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան կարելիութիւնները ամրապնդելու:

Share this Article
CATEGORIES