ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Միւֆթի Քապպանի եւ դեսպան Ֆլեչըր

Հանրապետութեան միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ միւֆթի Քապպանիի հետ ունեցած իր հանդիպումը կարեւոր էր, յատկապէս նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող ապակայունութիւնը:

Ֆլեչըր շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ հոգեւոր պետերը մեծ ներդրում ունին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ազգային գոյակցութիւնը:

Բրիտանացի դեսպանը անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի ապահովութեան պահպանումը` ապահովելու համար բոլոր լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:

Միւֆթի Քապպանիի այցելեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը Ատհայի տօնին առիթով միւֆթիին յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները եւ անոր մաղթեց շուտափոյթ ապաքինում:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES