ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԵՍՐՈՒԱՆԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ «ՊԻԵԼ»Ի ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ
Ընդառաջելով Քեսրուանի գործատէրերու միութեան հրաւէրին` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան այցելեց Քեսրուանի գործարանները, որոնք հիմնականին մէջ կը գտնուին Զուք Մուսպեհի, Ղազիրի եւ Սաֆրայի մէջ:
Նախարար Սապունճեանին ընկերակցեցան նաեւ Ճարտարարուեստի մարզի միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ, Քեսրուանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու համախմբումի նախագահ Նիքոլա Ապի Նասըր եւ շարք մը գործատէրեր:
Նախարար Սապունճեան իր այցելութեան շրջագիծին մէջ հետեւեցաւ գործարաններու սեփականատէրերուն բացատրութեան: Ան գնահատեց, որ այդ գործարանները 300-500 աշխատաւորներ ունին, որոնց մեծ մասը լիբանանցիներ են: Սակայն նախարար Սապունճեան լսեց գործատէրերուն բողոքները, որոնք հիմնականին մէջ կեդրոնացած էին ուժանիւթի բարձր սակերուն շուրջ:
Նախարար Սապունճեան քաջալերեց հաստատութիւնները եւ գործարանները միաձուլուելու, որովհետեւ այդպիսով կարելի է անոնց ունեցած գումարներուն եւ աշխատանքի ծիրին մէջ աճ արձանագրել, ինչպէս նաեւ անոնց վրայ աւելցնել ընդարձակուելու եւ գոյատեւելու ազդակները:
Նախարար Սապունճեան խոստացաւ արտածուող արտադրութիւններուն պարագային պարտադրուած տուրքերը նուազեցնել: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան արտադրութիւններուն պարագային պահպանել բարձր որակը, որպէսզի այդ արտադրութիւնները յաւելեալ արժանիքներով զինուած ներկայանան թէ՛ տեղական եւ թէ՛ արտաքին շուկաներուն:
Միւս կողմէ, նախարար Սապունճեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցած ճաշի պատրաստութեան փառատօնին, որուն կը մասնակցին պետական եւ սեփական մարզի 50 խոհարարներ, ինչպէս նաեւ աշխարհահռչակ խոհարարներու հետ ուըրքշոփի մասնակցած 60 ուրիշներ:
Նախարար Սապունճեան, որ ներկայ գտնուեցաւ փառատօնին սկիզբը յայտարարող հանդիսութեան, այցելեց «Պիել»-ի մէջ տեղադրուած զանազան տաղաւարները, ուր կը ցուցադրուին նաեւ ափսէներու, խոհանոցային պիտոյքի եւ սեղաններու յարդարանքի վերաբերող մեծ եւ արդի տեսականի մը:
Կը նախատեսուի, որ փառատօնին ընթացքին կարելի ըլլայ նաեւ կազմակերպել գինի եւ ձիթաիւղ համտեսելու առիթ, կատարուին ճաշի պատրաստութեան կենդանի ցուցադրութիւններ, բացատրութիւններ տրուին ընթրիք մը հիւրընկալելու կենցաղավարութեան մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուին ճաշասեղաններ յարդարելու յատուկ մանրամասնութիւններ: