ՃԱՏՐԱԿ.ՄԻՀԱՅԻԼ ԹԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՐՈՆԵԱՆ – ՔՐԱՄՆԻՔ` 0,5-0,5
Երէկ, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Միհայիլ Թալի ճատրակի յուշամրցաշարքի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը` այս անգամ Վլատիմիր Քրամնիքի հետ: 49-րդ շարժումին երկու վարպետներն ալ որոշեցին այս ճակատումը աւարտել հաւասարութեամբ:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին Արոնեան հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Մակնիւս Քարլսընի հետ:
Այժմ Արոնեան ունի մէկ կէտ: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուին երեք վարպետներ, որոնք ունին 1,5 կէտ:
CATEGORIES Մարզական


