50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՀԱՅԵՐԸ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ
300 ՀԱՅԵՐ ԱՄԲՈՂՋ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ
Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ, անցած կիրակի օր, նոյեմբեր 12, տեղի ունեցած է Հոլանտայի հայութեան ընդհանուր ժողովը:
Հակառակ աննպաստ օդին` մօտ 30 հայրենակիցներ պատասխանած են կոչին: Ժողովին նախագահած է մեթր Էտկար Զոհրապեան: Քննութեան նիւթ դարձած է հոգեւոր հովիւի մը այցելութեան անհրաժեշտութիւնը յառաջիկայ տօնական օրերուն առիթով: Տեղւոյն վրայ հանգանակութիւն մը կատարուած է այդ առթիւ, որմէ գոյացած է մօտ 4000 կոլտըն: Որոշուած է հանգանակութիւնը շարունակել` լիովին գոհացնելու համար տրամադրուած հոգեւոր հովիւը:
Ժողովը զբաղած է նաեւ գաղութի այլ կարեւոր հարցերով:
Հոլանտայի հայութիւնը կը բաղկանայ 145 ընտանիքէ, մօտ 300 հոգի:
ԱԼԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԳՈՐԾԵՐԸ
ՊԻՏԻ ՆՈՒԱԳՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ.-
Իստման Ֆիլարմոնիա նուագախումբը, որ կազմուած է Իստման Սքուլ աֆ միւզիք Ռոչեսթըր համալսարանէն 85 ուսանողներէ, երեք ամսուան 25-ին ու 12 երկիրներ պիտի այցելէ` մէջն ըլլալով խորհրդային երկիրներ, Լիբանան, Թուրքիա եւ Մ. Արաբական հանրապետութիւն: Նուագախումբը պիտի նուագէ ամերիկացի հեղինակներու գործերը` մէջն ըլլալով Ալան Յովհաննէսի գործերը:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԾԵՐԱՆՈՑ-ԱՅՐԻԱՆՈՑԻ
1960-Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
Պէյրութի ծերանոց-այրիանոցի տնօրէնուհին` Հ. Վեցեման հետեւեալ հակիրճ տեղեկութիւնները գրի առած է ծերանոց-այրիանոցի 1960 տարուան գործունէութեան շուրջ: Անոնք, որոնք չեն ստացած յիշեալ հաստատութեան 1960-ի տեղեկագիրը, կրնան գաղափար մը կազմել հաստատութեան գործունէութեան մասին, ընդհանուր գործերով.
1960-ի վերջաւորութեան մեր հաստատութիւնը կը պարփակէր 96 անձեր: Հաստատութենէս նպաստ կը ստանան նաեւ 22 ծերեր, կոյրեր եւ կարօտեալներ: Յիշեալներուն ամէն ամիս, նիւթական նպաստէ զատ, կը հայթայթենք նաեւ պարէն, հագուստ եւ դեղորայք:
Հաստատութեանս ներքին կարգապահութիւնը յանձնուած է վերատեսուչի մը: Ունինք նաեւ հիւանդապահուհի մը, որ կանոնաւորաբար կ՛այցելէ մեր հիւանդներուն եւ կը խնամէ զանոնք բժիշկներու թելադրութեանց համաձայն: Կարգ մը բժիշկներ եւ դեղագործներ մեծ սիրով եւ ազնուութեամբ բերին իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնը` դարմանելով հիւանդներ ու հայթաթելով դեղեր ու զօրացուցիչներ:
Շնորհակալութեամբ ստացանք ՀԲԸ Միութենէն` փոշի կաթ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օգնութեան խաչէն` ամէն ամիս պարկ մը ալիւր, բաժնելու համար ծերերուն:
Մեր շրջանի եւ քաղաքի բարեկամներէն զանազան առիթներով ստացանք նիւթական օժանդակութիւն (դրամ, մատաղ եւ այլն): Բաղդատմամբ նախանցեալ տարիներուն` այս տարի նուէրներու քանակը զգալիօրէն աւելցած է:
Անցեալ տարիներու նման, այս տարի եւս օգնեցինք չքաւոր եւ թշուառ ընտանիքներու մանուկներուն եւ 85 սաներուն կրթաթոշակին կրցանք օգնել:
Ծերունիներուն հանգիստին համար անցեալ տարիներու ընթացքին անհրաժեշտ եղած նորոգութիւններու կարելի եղաւ սկսիլ այս տարի` շնորհիւ «Կիւլպէնկեան» բարեսէր հիմնարկութեան մեզի ընձեռած նիւթական օժանդակութեան:
Կ՛արժէ նեցուկ ըլլալ այս անբախտ մայրերուն եւ որբեւայրիներուն եւ որեւէ ջանք չխնայել զանոնք երջանկացնելու համար:
Շնորհակալութեան խօսք ունինք նաեւ հայ եւ օտար բարեկամներու, բարեգործական եւ հայրենակցական միութիւններու, մասնաւորաբար «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան: Բոլորին կ՛ուզենք ըսել` «Բարիք գործելէ չձանձրացաք, օգնեցէք ձեր մամիկներուն: