ԸՍՏ «ՔԱՊԱՍ»-Ի ՅՈՐԴԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՍԱՅԼԵՐ ԽՌՈՎԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՃՆՇԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐԽՈՒԺԱԾ ԵՆ ԶԱՄԹԱ
Յորդանանեան բանակի հրասայլեր հինգշաբթի գիշեր ներխուժած են Սուրիոյ հետ սահմանամերձ Զամթա քաղաքը, երբ քաղաքին մէջ զինուորական գաղտնի սպասարկութեան ձեռամբ երիտասարդի մը սպանութենէն ետք ժողովրդային խռովարարութիւններ ընթացք առած են:
Ականատեսներ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնած են, որ հրասայլերը քաղաք ներխուժած են, երբ քաղաքացիներ քաղաքապետարանի շէնքն ու յորդանանեան դրօշը հրկիզած եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի նկարները պատռտած են, ինչպէս նաեւ ապահովական ուժերուն դէմ յարձակում գործած են:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Քապաս»-ին յայտնած են, որ սպաննուած երիտասարդը ապօրինի կերպով սուրիացիներ Յորդանան կը բերէր եւ զէնք գնելու նպատակով սուրիացիներ զինավաճառի մը մօտ բերած էր, սակայն նշեալ սուրիացիները զինուորական գաղտնի սպասարկութեան հսկողութեան տակ էին, եւ այդ մարմինը ձերբակալած է սուրիացիներն ու անոնց ընկերակցող յորդանանցի երիտասարդը: