ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԲԱԶՄԱՄԱՐԴ ՑՈՅՑ

Եգիպտացի ցուցարարները` Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ

Աւելի քան 50 հազար եգիպտացիներ երէկ ուղղուեցան Գահիրէի Թահրիր հրապարակ` ճնշում բանեցնելու համար բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջինս իշխանութիւնը փոխանցէ ընտրովի քաղաքայիններու իշխանութեան: Ցուցարարները այս քայլին դիմեցին, երբ նախարարաց խորհուրդը փորձեց սահմանադրական նախագիծին մէջ բանակին դերակատարութիւնը ընդգծող յօդուածներ ներառել:

28 նոյեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնան արգելակուիլ, եթէ քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կառավարութիւնը ձախողին բանակը խորհրդարանի վերահսկողութենէն դուրս ձգող յօդուածներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

Իսլամական կազմակերպութիւններու եւ նախարարաց խորհուրդին միջեւ բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք, աւելի քան 39 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ խմբակցութիւններ հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէր, թէ իրենք ցոյց պիտի կատարեն «ժողովրդավարութիւնը եւ իշխանութեան փոխանցումը պաշտպանելու»:

Սալաֆական բազմաթիւ կուսակցութիւններ եւ շարժումներ երէկուան ցոյցերուն համար զօրաշարժի ենթարկուող առաջին խմբակներն էին: Անոնցմէ ետք աշխատանքի լծուեցան Իսլամ եղբայրները, ապա շարք մը ազատական կուսակցութիւններ: Սալաֆական ցուցարարներ երկրին տարբեր շրջաններէն Գահիրէ ժամանեցին, սակայն հակառակ զօրավարներուն իշխանութեան դէմ միացեալ հաղորդագրութեան, Թահրիր հրապարակը բաժնուած էր Իսլամ եղբայրներու Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան, եւ անոնց սալաֆական մրցակիցներուն միջեւ, որոնք անջատ բեմեր հաստատեցին եւ հանդէս եկան անջատ ճառերով ու կարգախօսերով: Անոնց միջեւ միութիւն հաստատուեցաւ միայն ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին:

Նշենք, որ ազատական եւ ձախակողմեան կուսակցութիւններ եւս մասնակցեցան ցոյցին:

 

Share this Article
CATEGORIES