ՓԱՆԵԹԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

Լէօ Փանեթա

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէօ Փանեթա դարձեալ զգուշացուցած է Իրանի դէմ զինուորական գործողութեան մը անցանկալի հետեւանքներէն: Ան ըսած է, որ այդ մէկը համաշխարհային տնտեսութեան մեծ վնաս պիտի պատճառէ:

Փանեթա իր յայտարարութիւնը կատարեց քանատական Հալիֆաքս քաղաքին մէջ, ուր անվտանգութեան հարցերու նուիրուած վեհաժողով մը տեղի կ՛ունենայ: Կը նախատեսուի, որ վեհաժողովի ծիրին մէջ ան երկկողմանի հանդիպում ունենայ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքի հետ:

Փենթակոնի ղեկավարը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ եւ քաղաքական ճնշում կիրարկելու վրայ կը պնդեն: Փանեթա քանի մը օր առաջ զգուշացուցած էր, որ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւն մը կրնայ լուրջ եւ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ:

Share this Article
CATEGORIES