ՇԱՐՊԵԼ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԹԻՐԱԽ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉՈՒՆԻՆՔ»
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող դեսպանատուները ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու առումով իրենց տեղեկութիւններ չեն հասած:
Միւս կողմէ, ան նկատել տուաւ, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պահպանելու համար երկրին եւ դեսպանատուներուն անվտանգութիւնը:
Շարպել հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է Լիբանանը զանց առնեն արտաքին տագնապներէն: «Անոնք պէտք է համոզուին, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը իր ուղղակի եւ դրական անդրադարձը կ՛ունենայ երկրին տնտեսական, ընկերային եւ զբօսաշրջական մարզերուն վրայ», ըսաւ Շարպել:
Շարպել «Տիար» օրաթերթին հետ ունեցաւ նաեւ այլ հարցազրոյց մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական միջադէպերուն մեծ մասին պատճառը լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն մօտ գտնուող զէնքն ու զինամթերքն է: