ՔԱՍԼԻՔԻ Ս. ՀՈԳԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ` ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ

Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին ապագան» նիւթով խորհրդաժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հոգեւոր պետերը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, որոնց շարքին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ պետական այլ անձնաւորութիւններ եւ հոգեւորականներ:

Խորհրդաժողովին ընթացքին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին ներկայութիւնը անմասնատելի մէկ բաժինն է` շրջանին մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւնները շրջանը ուղղեն աւելի խիստ վարչակարգերու հաստատում:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ դիմադրել հիմնական երեք մարտահրաւէրներու, որոնք են` ապահովութիւնը, տարրական ազատութիւններն ու հանդուրժողականութիւնը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ որեւէ տագնապ մերժելի է` ընդգծելով, որ Արեւելքի մէջ Լիբանան պէտք է քաղաքակիրթ եւ մարդկային պատգամ ըլլալու ջահը անմար պահէ:

 

Share this Article
CATEGORIES