ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Սուրիոյ դեսպանը եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է առիթ մը` քննարկելու համար երկկողմանի եղբայրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական եւ շրջանային զարգացումները:

Դեսպանը նշեց, որ Պըրրի դրուատած է եւ ողջունած Սուրիոյ յանձնառութիւնը` արաբական յարաբերութիւնները պահպանելու եւ ճկունութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ ընդառաջելու արաբական նախաձեռնութիւններուն, հակառակ միջազգային առումով բանեցուող բոլոր ճնշումներուն:

«Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Սուրիան եւ արաբական աշխարհը ամրապնդել միջազգային ճնշումներուն դէմ: Ան լաւատես էր, որ Սուրիոյ խաղաքարտերը շատ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլան, քան` միջազգային ճնշումները, որոնք փուլ պիտի գան սուրիական ազգային միասնականութեան եւ Սուրիոյ վարած հաւասարակշռուած ու պատասխանատու քաղաքականութեան դիմաց: Պըրրի շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւնները` գլխաւորութեամբ նախագահ Պաշշար Ասատի, կը դիմագրաւեն բոլոր մարտահրաւէրները, հակառակ իրենց դէմ մղուած հակաքարոզչական լայնածաւալ արշաւին», ըսաւ Ալի:

Սուրիոյ դեսպանը աւելցուց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ողջունած է եւ բարձր գնահատած Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ սուրիացի ժողովուրդին կեցուածքը, որ անշեղ մնացած է Դիմադրութեան զօրակցութեան առումով, ինչպէս նաեւ կառչած մնացած է երկրին անկախութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան` պահպանելով արաբ ժողովուրդին իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ պահպանելու երկրին հողերը` պահանջատէր մնալով բռնագրաւուած արաբական բոլոր հողերուն նկատմամբ:

Ալի նկատել տուաւ, որ ի վերջոյ արդարութիւնն է, որ պիտի յաղթանակէ:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր մարոնի համայնքի Սուրի առաջնորդ Նեպիլ Հաժ եպիսկոպոս:

Share this Article
CATEGORIES