ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄՔԱՐԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐՔԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Մքարի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթի հետ: Քննարկուեցան վերջին հանգրուանին խորհրդարանական յանձնախումբերուն ստանձնած աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի անդամ Ֆայեզ Շահինը, որուն հետ քննարկեց երկրին վերաբերող օրէնսդրական եւ սահմանադրական հարցեր:

Նշենք, որ Պաապտա այցելեց նաեւ լիբանանցի աշակերտներու հսկայ պատուիրակութիւն մը, որ նախագահ Սլէյմանը շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան 68-ամեակին առիթով:

Share this Article
CATEGORIES